
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Առաջին մրցումին, որ սկսաւ քիչ մը աւելի կանուխ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Պենֆիքայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին ալ պարտուած էր անկէ (1-0):
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, դարձեալ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցաշարքէն դուրս ձգեց Չելսին:
Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Սեն Ժերմենի երկրորդ կոլը (67-րդ):


