Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Սինճարի (Իրաք) Հայերը

March 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Sinjar2-(1)_030916

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին համաձայն, «Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին` Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, հիմնայատակ քանդուած է: Վերջերս եկեղեցւոյ մէջ ի յայտ եկած են տասնեակ մարդոց կմախքներ, եւ կը կարծուի, թէ այդ աճիւնները կը պատկանին այդ շրջանը ապրած եզիտիներու»: Թերթը կը յիշեցնէ, որ շրջանը անցեալ տարուան նոյեմբերին ազատագրուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութենէն, իսկ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի  զինեալներու մուտքը այդ շրջան, հայ բնակչութիւնը հեռացած էր այդտեղէն:

Որպէս Իրաքի Հայոց Ազգային իշխանութեան նախկին փոխատենապետ եւ վերոյիշեալ շրջանին մէջ տարիէ մը աւելի պաշտօնավարած,  հետեւեալ ճշգրիտ տեղեկութիւնները կ’ուզէի յիշատակել շրջանի մեր գաղթօճախին մասին:

Սինճարը  կը գտնուի Մուսուլի հիւսիս արեւմտեան կողմը, 100 քիլոմեթր հեռու, եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը եզիտիներ են: Մեծ եղեռնի տարին Տէր Զօրի արհաւիրքներէն մազապուրծ ազատած եւ հոս հասած բազմաթիւ հայ գաղթականներ` Արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներէն, մեծամասնութիւնը Մերտինէն, փրկուած ու պատսպարուած են տեղացիներու կողմէ: Անիկա իրաքահայ կաթողիկէ համայնքին երկրորդ մեծ բնակավայրն էր Իրաքի մէջ, ուր անոնք հաստատուած են եւ եկեղեցի կառուցած 1930-ին, Ս. Գէորգ Նահատակ (եւ ոչ թէ Ս. Մարիամ Աստուածածին) անունով, որ կը գործէր մինչեւ 2000 թուական: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, անոնց թիւը մօտ հարիւրի կը հասնէր:

Sinjar3_030916
Սինճարի եկեղեցին՝ անցեալին
Sinjar4_030916
ու ներկայիս՝ քանդուած

Առ այդ, շատ հաւանական է, որ քանդուած եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած աճիւնները կը պատկանին Ցեղասպանութենէն փրկուած այս գաղթօճախի մեր տարագիրներուն եւ ոչ թէ տեղացի եզիտիներու:

1972-ին` որպէս պետական բժիշկ, պաշտօնավարած եմ Սինճարին պատկան Սունունի կոչուած գիւղ-կեդրոնի բուժարանին մէջ: Երբ ազգութիւնս ճանչցուեցաւ շրջանին մէջ, կարգ մը «այցելուներ» ունեցայ նախ մօտակայ, ապա հեռու գիւղերէն, զիս` «իրենց հայրենակից»-ը տեսնելու ու լսելու համար … բոլորը կորսուած հայեր, որոնք Սինճար լեռը ապաստան գտած էին արհաւիրքի օրերուն, եզիտիներուն պաշտպանութեան ապաւինելով իրենց  կեանքը փրկած եւ … անոնց հոգատարութեան ընդմիշտ երախտապարտ եղած են: Ասոնցմէ մանաւանդ Խաչոն կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէր ինծի ուրբաթ օրերուն ու եզիտի «թարգմանիչիս» օգնութեամբ  երկար կը պատմէր իր ու իր «ազիզներ»-ուն, ինչպէս կ’անուանէր, գլխուն եկած աղէտին մասին: Ան փոքր տարիքին հոն ապաստան գտած էր: Իր պատմածներուն համաձայն, նոյնիսկ անունը չի գիտեր, ուստի, ըստ իր յիշողութեան, գաղթի ճամբուն վրայ կորսնցուցած իրմէ մեծ եղբօր անունը, որ լսած էր, թէ Խաչօ  է, իրեն վրայ առած էր` իր ինքնութիւնը յաւերժացնելու համար:

Քարտինալ Աղաջանեան այցելած է Սինճարի հօտը 1940-ի աշնան, Իրաք կատարած հովուական այցելութեան միջոցին: Ինքս ալ անձամբ այցելած եմ եկեղեցին պաշտօնավարութեանս ընթացքին ու հանդիպած  հաւատացեալ հայրենակիցներու, որոնք կը խօսէին տեղացիներու քրտերէն զազա լեզուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Թէ Ինչո՛ւ Սուրիահայութեան Գաղթը Տարերային Բնոյթ Ստացաւ, Կամ` Ո՞վ Է Մեղաւոր

Յաջորդը

Ամբողջական Հաւասարութիւն

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.