Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

September 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կլոր սեղանէն պահ մը

«Հայաստանի Հանրապետութիւն – սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` հինգշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` ««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը. վերլուծական արժեւորում» նիւթով:

Կլոր սեղանի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սոնիա Սիսլեան, որմէ ետք խօսք առաւ հանդիսութեան համադրող դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ան ըսաւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը միտի հայութեան համախումբ ուժերը ի սպաս դնել Հայաստանի օժանդակութեան եւ պետականութեան ամրապնդման:

Սալմանեան շեշտեց, որ դրամահաւաքին մասնակցիլը ազգային պարտականութիւն է եւ իւրաքանչիւր հայ չի կրնար հեռու մնալ այս աշխատանքէն: Ան աւելցուց, որ լիբանանահայ գաղութը, հակառակ իր դիմագրաւած տնտեսական եւ ապահովական բազմատեսակ դժուարութիւններուն, կրցած է հայրենակերտման աշխատանքներուն մէջ բերել իր կարեւոր մասնակցութիւնը:

Կլոր սեղանին առաջին մասնակիցն էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի ատենապետ Սարգիս Արմէնեան, որ խօսեցաւ մարմինի աշխատելաոճին եւ գործունէութեան մասին: Ան նշեց, որ մարմինի աշխատանքներուն հիմնական առանցքը դրամահաւաքն է, որուն աշխատանքները կ՛իրականանան նախաձեռնութենէն քանի մը ամիս առաջ եւ ետք:

Սարգիս Արմէնեան յայտնեց, որ տարիէ-տարի նուիրատուութիւններուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ գնահատելի է: Ան ըսաւ, որ մարմինը կը գործակցի հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակին հետ եւ պարբերական այցելութիւններով կը հսկէ ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթին:

Երկրորդ մասնակից Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան տեսանիւթով ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին իրականացուցած ծրագիրները հայրենիքի մէջ: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայութեան առաջին օժանդակութիւնը տրամադրուած է աղէտեալներուն, որոնց համար վեց շէնքեր կառուցուած են Գիւմրիի Անի թաղամասին մէջ:

Ապա ան խօսեցաւ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի նորոգութեան, Մարմարաշէն գիւղի ջրամատակարարման, Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի վերակառուցման, Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի հաստատման եւ այլ ծրագիրներու մասին: Լ. Սապունճեան-Ծատուրեան աւելցուց, որ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը նուիրատուութիւններու ճամբով հաւաքած է 707,891 ամերիկեան տոլար, ինչ որ մեծ գումար է:

Կլոր սեղանի վերջին մասնակիցն էր տոքթ. Յակոբ Փափազեան, որուն նիւթն էր հիմնադրամի  Լիբանանի մարմինին դիմագրաւած դժուարութիւնները: Փափազեան հիմնական դժուարութիւններէն նշեց լիբանանահայ կառոյցներու նիւթական տագնապները, ֆոնտերուն միջեւ գործակցութիւնները, Լիբանանի հարկային դրութիւնը, ներհայկական միակամութեան խնդիրը եւ այլն:

Ան ըսաւ, որ գումարին չափ կարեւոր է մասնակցողներուն թիւը, որովհետեւ այդ օրը հայրենիքին նկատմամբ հանրաքուէի օր է:

Կլոր սեղանի աւարտին, ներկաները հարցումներու եւ տեսակէտներու ընդմէջէն կատարեցին միտքերու փոխանակում եւ քննարկումներ:

 

 

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՏԻՖԵՐԵՆՇԸԼ ԻՆՍԹՐԱՔՇԸՆ» ՆԻՒԹՈՎ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.