Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՏԻՖԵՐԵՆՇԸԼ ԻՆՍԹՐԱՔՇԸՆ» ՆԻՒԹՈՎ

September 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թալին Աւագեան կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` «Տիֆերենշըլ ինսթրաքշըն» նիւթով: Բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանին մանկավարժական ճիւղէն վկայեալ, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ դոկտորայի թեկնածու Թալին Աւագեան: Ներկայ էին մեծ թիւով Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ:

Թալին Աւագեան իր նիւթը ներկայացուց «փաուըր փոյնթ»ով: Ան բացատրեց, թէ դասարանին մէջ ինչպէ՛ս կարելի է օգտակար հանդիսանալ տարբեր մակարդակի աշակերտներուն: Ան խօսեցաւ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն մասին եւ նկատել տուաւ, որ նման աշակերտներ կրնան դասարանը խանգարել: Աւագեան շեշտեց, որ ուսուցիչին պարտականութիւնն է ուսումնասիրել եւ հետապնդել նման աշակերտներ, որպէսզի շիտակ ախտաճանաչում կատարէ եւ գիտնայ, թէ աշակերտին դժուարութիւնը ի՛նչ բանի արդիւնք է` ձանձրոյթի՞, թէ՞ տկարութեան: Ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է գիտնալ պատճառը որպէսզի տրուի համապատասխան լուծումը:

Ան նաեւ անդրադարձաւ դասաւանդումի ձեւերուն, ինչպէս` տեսնել, լսել եւ շօշափել` հաստատելով, որ ուսուցիչը նախընտրաբար պէտք է տարբեր տեսակի ձեւեր օգտագործէ դասաւանդումի ժամանակ, որպէսզի աւելի հետաքրքրական դարձնէ նիւթը: Ան նաեւ շեշտեց, որ երաժշտութեան օգտագործումը կը նպաստէ, որ սորված նիւթը աւելի տեղ գտնէ աշակերտին մտքին մէջ:

Նախորդը

ՉԵԼԻՔ. «ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ ՉԵՆ». «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐԱՔ

Յաջորդը

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.