Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ի Ոճիրները Ցեղասպանութիւն Որակելու Քոնկրեսի Բանաձեւին Մէջ Հայերու Պարագան Եւս Կը Նշուի

March 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Christians_030316

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 2 մարտին վաւերացուցած է քրիստոնեայ եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան ոճիրները ցեղասպանութիւն որակող թիւ 75 բանաձեւը, որուն մէջ ներառուած են նաեւ հայերու դէմ ոճիրներն ու հալածանքը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը` միաժամանակ կոչ ուղղելով Քոնկրեսին, որ նմանապէս վաւերացնէ բանաձեւը, իսկ նախագահ Պարաք Օպամային, որ ստորագրէ զայն:

2 մարտին տեղի ունեցած Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ժողովին բացումը կատարելով` ատենապետ Էտ Ռոյս կոչ ուղղած է քոնկրեսականներուն, որ վաւերացնեն զայն, իսկ անոր երկրորդած է քոնկրեսական Տէյվիտ Թրաթ, որ իր խօսքին մէջ նշած է, թէ անցեալ տարի Հայաստան այցելելով` ինք ականատես եղած է այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան մը անտեսումը ի՛նչ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: «Ցարդ չենք կրցած ապահովել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ այդ պատճառով ալ կոչ կ՛ուղղեմ իմ պաշտօնակիցներուս, որ այս պարագային նոյն սխալը չկրկնեն», ըսած է Թրաթ:

Նշենք, որ բանաձեւը յառաջ կը մղուի քոնկրեսականներ Ճեֆ Ֆորթենպերիի եւ Աննա Էշուի կողմէ, եւ ցարդ ունի աւելի քան 200 հովանաւոր:

Հայ եւ ասորի նախնիներու զաւակը հանդիսացող Աննա Էշու բացատրած է, թէ բանաձեւը յոյժ կարեւոր է իրեն համար, որովհետեւ այս օրերուն ականատես կը դառնայ իր ընտանիքի պատմութեան կրկնութեան, ապա աւելցուցած է, թէ բանաձեւը պէտք է արագօրէն վաւերացուի, որովհետեւ ապագայ սերունդները պէտք չէ ըսեն, որ ներկայ Քոնկրեսը ձեռնածալ մնացած է այս ոճիրներուն դիմաց:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Մկրտչեան Կը Խոստանայ Կատարելագործել Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւններու Ինքնակառավարումը

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Թուրքիոյ Վարչապետը Բացայայտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իրենց Վարկածին Շինծու Ըլլալը»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.