Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Ապրիլ» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

March 3, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Papazian_030216f

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը պէտք է իրաւական ամուր հիմերու վրայ ըլլայ:

«Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաստատած է, որ խորհրդարանին պիտի ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծը: Նախագահ Հոլլանտ օրինագիծի պատրաստման հոլովոյթը վստահած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային: Ան շատ լաւ մասնագէտ է, յայտնի իրաւաբան: Նախատեսուած է, որ նախագիծը պատրաստ ըլլայ մինչեւ ապրիլ եւ կառավարութիւնը զայն ներկայացնէ խորհրդարանին», ըսած է Մուրատ Փափազեան` աւելցնելով, որ 10 տարիէ ի վեր այս խնդիրին ուղղութեամբ կ՛աշխատին եւ կ՛ուզեն, որ այս տարի անիկա վերջնական լուծում ստանայ: Մուրատ Փափազեանի խօսքով, պէտք է նոր օրինագիծը իրաւական ամուր հիմերու վրայ ըլլայ, որպէսզի Սահմանադրական դատարանը զայն չբեկանէ:

«Երբ խորհրդարանը օրինագիծը քննարկէ եւ հաստատէ, ատկէ ետք անպայման մեր թշնամիները պէտք է հարցը տանին Սահմանադրական դատարան, ինչպէս եղաւ 2012-ին: Հետեւաբար իրաւական ամուր հիմեր պէտք է ըլլան, որպէսզի դատարանը չբեկանէ», նշած է ան:

Փափազեան յայտնած է, որ Արցախի հարցին առնչութեամբ լուրջ աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի յաջողութիւններ արձանագրուին Արցախի ճանաչման առումով:

«Չենք կրնար ըսել, որ Արցախը այս տարի պիտի ճանչցուի, սակայն գոնէ որոշ հանգրուանի մը պէտք է հասնինք, յառաջընթաց ըլլայ: Գիտենք, որ կը խօսուի ղարաբաղեան խնդիրին հետ կապուած նոր առաջարկներու մասին: Չենք կրնար ըսել, որ լաւատես ենք, վերջնական լուծում պիտի ըլլայ, սակայն որեւէ քայլ դէպի խաղաղութիւն պէտք է արձանագրել», ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը:

Մուրատ Փափազեան նշած է, որ կը նկատուի Ֆրանսայի երեսփոխաններու աշխատանք` Արցախի հետ: «Կազմակերպուած են այցելութիւններ դէպի Արցախ, եւ տեղւոյն վրայ խնդիրին, իրավիճակին ծանօթանալէ ետք պատկերացումները փոխուած են: Այս տարի նոյնպէս կը նախատեսենք տարբեր խումբերու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ», աւելցուցած է ան:

Ֆրանսահայութեան համար յաջորդ կարեւոր հարցը սուրիահայութեան զօրակցիլն է: «Սուրիահայութեան վիճակը ծանր է, շատ կարեւոր է մեր ազգակիցներուն աջակցիլը: Ֆրանսայի հայկական համայնքը իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ, որպէսզի փրկուի Սուրիոյ համայնքը: Աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ մեր կապերու տեսքով», ըսած է Փափազեան` նշելով, որ Ֆրանսա մեկնող սուրիահայերուն թիւը քիչ է, իսկ անոնք, որոնք կ՛երթան, հիմնականին մէջ այդտեղ հարազատներ ունեցողներն են:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Յորդորէ Քոնկրեսականներուն Աջակցիլ Ֆորթենպերի-Էշու Բանաձեւին

Յաջորդը

Հրայր Կարապետեանին Շնորհուեցաւ Արտակարգ Դեսպանորդ Եւ Լիազօր Նախարարի Դիւանագիտական Աստիճան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.