Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Եւրոպական Օժանդակութիւնը Լիբանանի Համար Առաջնահերթութիւն Է»

March 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռէյնտերզ եւ Պասիլ
Ռէյնտերզ եւ Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շարքին պելճիքական ուժերուն մասնակցութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ընդմէջէն Լիբանանի նեցուկ կանգնելու իրականութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ այս զօրակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ Լիբանան այս հանգրուանին հիմնական երկու մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` ահաբեկչութեան եւ սուրիացի գաղթականներուն:

Պասիլ շեշտեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարող լիբանանեան բանակին համար եւրոպական օժանդակութիւնը առաջնահերթութիւն է, իսկ Եւրոպայի համար այդ օժանդակութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը Լիբանանի կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ` ընդգծելով, որ Լիբանան օր մը օրանց գաղթականներուն թղթածրարը չէ օգտագործած տնտեսական չարաշահումի նպատակով, այլ մնայուն կերպով շեշտած է, թէ այդ հարցը միջազգային հարց է եւ պէտք է միջազգային մակարդակի վրայ համագործակցութիւն արձանագրուի անոր լուծում մը գտնելու համար:

Իր կարգին, Ռէյնտերզ յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը մէկ գիշերուան մէջ կարելի չէ կազմակերպել` աւելցնելով, որ նախ եւ առաջ պէտք է ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, ապա զանոնք ապահով շրջաններ տեղափոխելու աշխատանքին անցնիլ:

Ռէյնտերզ ընդգծեց նաեւ, որ մինչեւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի կազմակերպումը, պէտք է լաւագոյն կերպով օժանդակել գաղթականներուն:

Ռէյնտերզ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի:

 

Նախորդը

Ֆայսալ Քարամէ Շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւններուն Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Մարտ 26-27 Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին` Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.