Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԺԱՄԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ` ՆՈՒԷՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

March 16, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թանկարժէք ժամացոյցներու ցուցանմուշներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը աւելի հարստացաւ թանկարժէք հին ժամացոյցներու հաւաքածոյով: Սոյն հաւաքածոն նուիրուեցաւ Միլանոյի (Իտալիա) մէջ հաստատուած ազգային բարերար տէր եւ տիկին Հրանդ Բամպակեանի կողմէ:

Յիշեալ հաւաքածոն կը բաղկանայ 73 թանկարժէք ժամացոյցներէ, որոնք կը պատկանին 16-19-րդ դարերուն եւ կը կրեն այդ շրջաններու լաւագոյն վաճառանիշերը: Հանգուցեալ Հրանդ Բամպակեան մասնագէտ ըլլալով հին ժամացոյցներու անձամբ անոնց նկարահանումը կատարած է եւ ֆրանսերէնով մանրամասն տեղեկութիւններ հայթայթած իւրաքանչիւր ժամացոյցի մասին` յատուկ քաթալոկով մը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութեամբ յիշեալ ժամացոյցները զետեղուեցան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, որուն նաեւ մէկ սրահին բարերարն է Հրանդ Բամպակեան:

Վեհափառը հանգուցեալ բարերարին եղբօր` տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Վարդ Բամպակեանին գրած նամակին մէջ ըսաւ. «Յատուկ ուրախութեամբ կ՛ուզենք Ձեզի յայտնել, որ Ձեր սիրելի եղբօր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրելի բարեկամ ու բարերար Հրանդին նուիրած թանկարժէք ժամացոյցները արդէն իսկ զետեղուած են մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Վստահ ենք, որ այցելուները հիացումով պիտի դիտեն հնագիտական մեծ արժէք ունեցող ժամացոյցներու հաւաքածոն: Արդարեւ, Մենք մօտէն ճանչցանք Հրանդը իր բազմակողմանի տաղանդներով ու իր մէջ միշտ գնահատեցինք հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մեր մշակութային արժէքներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի հաւատարմութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը: Թող Աստուած երկնքի թագաւորութեան մէջ հանգչեցնէ Հրանդին եւ իր կնոջ` Անահիտին հոգիները»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ. «ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ Է ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ»

Յաջորդը

ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ» ԳԻՐՔԻ ՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։