
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Ռիատին:
Ռիատի իր յաղթանակը արձանագրեց դժուարութեամբ, երբ երկարաձգումէն ետք միայն 81-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը (23-14, 35-36, 52-54, 73-73 եւ 80-81):
Ռիատիէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 33 կէտ, մինչ անոր խմբակիցները` Աարոն Հարփըր եւ Իսմայիլ Ահմետ` 15-ական կէտ:
Լուէյզիէն 23-ական կէտ նշանակեցին Ալեքսանտր Օքաֆոր եւ Կերոն Ճոնսըն, մինչ Ուենտըլ Լուիս` 20 կէտ:
Այսօր կը սկսի դարձի 3-րդ հանգրուանը, երբ ժամը 17:45-ին Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Շանվիլ:


