
Ռուս ճատրակի միջազգային վարպետ Մարիա Քուրսովա, որ պսակուեցաւ հայրենի կրանտմասթըր Արման Փաշիքեանի հետ եւ այժմ կը բնակի Երեւանի մէջ, Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնէն փոխանցուեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին:
Փոխանցման այս լուրը պաշտօնապէս հաղորդեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ)` երկու երկիրներուն ֆետերասիոններուն կողմէ այս գծով պաշտօնական թուղթերն ու տեղեկութիւնները ստանալէ ետք:
ՖԻՏԷ-ին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 7 սեպտեմբեր 2011-էն սկսեալ Քուրսովա իրաւունք ունի ներկայացնելու Հայաստանը:


