Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց

February 13, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էօմեր Չելիք
Էօմեր Չելիք

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն տակաւին համաձայնութիւն մը չէ գոյացած:

Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, ան ըսած է. «Մենք տեղեկութիւն ունինք, որ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, սակայն եթէ բանակցութիւններու գործնական նշանակութիւն չտեսնենք, չենք կրնար ըսել, որ համաձայնութեան գոյացումը ապահով է»:

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իսրայէլեան մամուլը, հաղորդած է, որ Իսրայէլի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Օֆիր Կենտելման յայտնած է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կը նկատուի, սակայն շարք մը հարցեր տակաւին կարելի չէ եղած կարգաւորել:

«Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, սակայն շարք մը հարցեր տակաւին կարելի չէ եղած կարգաւորել: Անոնք պէտք է քննարկուին մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին», ըսած է Կենտելման:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ Ժընեւի մէջ աւարտած են թուրք-իսրայէլեան բանակցութիւնները: Այդ բանակցութիւններուն մէջ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Իսրայէլի վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ Եոսեֆ Չեխանովերը, իսկ թրքական կողմինը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» 9 փետրուարին հաղորդած էր, որ թուրք եւ իսրայէլացի դիւանագէտները 10 փետրուարին պիտի հանդիպին Զուիցերիոյ մէջ:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Տեղակայման Համար Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիի Մը Պէտք Ունինք» Կ՛ըսէ Աքտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.