Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Կռիւին Մեր Ցամաքային Ուժերուն Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ ՏԱՀԵՇ-էն Մեր Դիմագրաւած Սպառնալիքին Համահունչ» Ըսաւ Ասիրի

February 9, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ Ասիրի
Ահմետ Ասիրի

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Ահմետ Ասիրի յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիա կը շարունակէ աջակցիլ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան»` նշելով, որ Պրիւքսէլի մէջ պիտի յայտարարուի Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան մը մասնակից երկիրներուն անունները:

«Սէուտական Արաբիոյ ցամաքային ուժերով մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-էն անոր դիմագրաւած սպառնալիքին համահունչ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Սէուտական Արաբիան ինքնագլուխ չի գործեր, այլ` միջազգային դաշինքներու ծիրին մէջ»:

ՕԹԱՆ-էն աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին նշեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման իշխանը պիտի մասնակցի Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի ժողովին` ներկայացնելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի իր պատկերացումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար ցամաքային ուժերու մասնակցութեան վերաբերեալ սէուտական նախաձեռնութիւնը:

Աղբիւրները նշեցին, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ժողովը պիտի գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր: Ժողովը պիտի քննարկէ սէուտական նախաձեռնութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ժապերի Անսարի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սէուտական զինուորական միջամտութիւնը պիտի վատթարացնէ տագնապը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը ծագեցաւ եւ վատթարացաւ նախ եւ առաջ կարգ մը շրջանային եւ միջազգային ուժերու կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին իրենց պահանջները պարտադրելու նպատակով կատարած միջամտութեան պատճառով»:

Անսարի յայտնեց, որ սուրիական տագնապը շրջանային տագնապի վերածելու այդ քաղաքականութիւնը կը սպառնայ շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ պիտի չնպաստէ տագնապի լուծման, այլ պատճառ պիտի դառնայ անոր վատթարացման:

 

Նախորդը

1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար Ի՛նչ Պէտք Է Ընէ» Կ՛ըսէ Մեշքով

Յաջորդը

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար Ուաշինկթըն Պէտք Է Հրաժարի Մեր Վրայ Ճնշում Բանեցնելէ» Ըսաւ Ռիապքով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.