Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Խորհրդարանը Դարձեալ Ձախողեցաւ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը

February 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_020816

Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը երէկ դարձեալ ձախողեցաւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու իր պարտականութեան մէջ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի նախագահին որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նախագահական ընտրութեան նիստին  ուղղուած երեսփոխաններէն ոմանք, յետաձգուած նիստէն ետք խորհրդարանէն կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ յստակ է, թէ ցարդ ո՛վ պոյքոթի ենթարկած է նախագահական ընտրութեան նիստը: «Ազգային ազատ հոսանքն ու Հըզպալլան պատասխանատու են այս կացութեան», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Սինիորա շեշտեց, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պատասխանատուները ներքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներն են: Ան աւելցուց, որ անոնք պէտք է առաջարկներ ներկայացնեն, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կարենայ հոգալ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը մնայուն պաշտօնեաներու վերածելու ծախսը:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը պէտք է ըլլայ հանրապետութեան նախագահը ընտրելու աղբիւրը եւ ոչ թէ այս կամ այն պետութիւնը կամ մայրաքաղաքը:

Միւս կողմէ, Հարպ յայտնեց, որ իրենք եւ դաշնակից քաղաքական ուժեր կը պատրաստեն սահմանադրութեան բարեփոխման առաջարկ մը, որուն հիման վրայ` ա) եթէ երեսփոխան մը առանց բանաւոր պատճառի նախագահական ընտրութեան նիստէն 3 անգամ բացակայի, հրաժարեալ կը նկատուի, եւ բ) հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը, մինչեւ նոր նախագահին ընտրութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց, որ երեսփոխանները ուղղուած են խորհրդարան ընտրելու այնպիսի թեկնածուներ, որոնք կը մերժեն ժողովրդավարական հոլովոյթը եւ նոյնիսկ խորհրդարան չեն ներկայանար ու սահմանադրութիւնը չեն յարգեր:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենց առաջադրած նախաձեռնութենէն ետք յոյս ունէին, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի դառնար:

Այս շրջագիծին մէջ Ատուան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ համաձայնութիւնը անհրաժեշտ քայլ մըն է` նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու նպատակով:

ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութիւնը իր նիստը պիտի գումարէ վաղը` չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Պայմանները Տակաւին Առկայ Չեն» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.