Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 6 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատա Ուալ Ատապը, կրեց 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ, որ երթի մրցումները աւարտած էր 3-րդ դիրքին վրայ` 20 կէտով, կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ հիւսիսային խումբը, որ նախքան այս հանգրուանը 11 կէտով կը գրաւէր 10-րդ դիրքը, այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին Ռիատա Ուալ Ատապ մրցումին միակ կոլը նշանակեց մրցումը հազիւ սկսած` 6-րդ վայրկեանին:
Այդ կոլէն ետք ՀՄԸՄ կոլ նշանակելու քանի մը առիթներ կորսնցուց` թէ՛ մրցակից խումբին մարզիկներուն եւ թէ՛ ալ դաշտին պարզած վատ վիճակին պատճառով:
Սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը:


