
Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան տեղափոխուեցաւ Պոխում, որ մաս կը կազմէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգին եւ այժմ, 19-րդ հանգրուանէն ետք, կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 28 կէտով:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պոխումի կը միանայ` վստահ ըլլալով, որ մաս պիտի կազմէ հիմնական խումբին:
Նշենք, որ Հայկ Գալստեանի վերջին ակումբը Հոֆընհայմն էր, ուր ան կը խաղար 19 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ:


