Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ¬ ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

September 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ`
ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ «ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՖՈՆՏԻՆ

Նախարար Յակոբեան ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն¬սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովին պաշտօնական բացումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, որ դիտել տուաւ, թէ գիտաժողովը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին, եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն եզրափակիչ ձեռնարկը կը հանդիսանայ: Անոր համաձայն, գիտաժողովը Հայկազեան համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրին արգասիքն է:

Ապա ներկաները տեսաերիզի ընդմէջէն ծանօթացան Հայկազեան համալսարանի 55-ամեակին առիթով տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ուրախութիւն ու հպարտութիւն յայտնեց զոյգ համալսարաններուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան համար: Ան գնահատեց նման գիտաժողովի մը կայացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն` հաստատելով, որ նման ձեռնարկներ եւ միացեալ ծրագիրներու շարունակականութեան նկատմամբ մեծ յոյս ու հաւատք ունի:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան արտասանեց համալսարանի խօսքը. ան վերյիշեց հոկտեմբեր 2009-ին երկու համալսարաններուն միջեւ կնքուած յուշագիրը, որ յաւելեալ փաստ մըն է այն մասին, թէ Հայաստան¬սփիւռք յարաբերութիւնները որքա՛ն մօտիկ ու սերտ կրնան ըլլալ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու սփիւռքը իրենք իրենց մէջ ունին իւրայատկութիւններ, զօրութիւններ, սակայն միասնաբար կը ներկայանան իբրեւ ինքնութիւն ունեցող եւ անոր կառչած համայն հայութիւն: Վեր. Հայտոսթեան աւելցուց, որ բայց եւ այնպէս ոչ ոք կրնայ ստորագնահատել իւրաքանչիւր հատուածի ունեցած ներուժն ու կարողականութիւնը, որովհետեւ անոնք հզօրութիւն կը բերեն ազգին, պէտք է պահպանել զանոնք: Խօսելով լիբանանահայ գաղութին մասին` Հայկազեան համալսարանի նախագահը նշեց, որ հոս կը գործեն տարբեր կազմակերպութիւններ, կառոյցներ, զանազան մարզերու մէջ հայութիւնը կ՛ունենայ իր ներդրումը, բայց եւ այնպէս իբրեւ ամբողջականութիւն լիբանանահայութիւնը վաստակած է վստահութիւն, յարգանք եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ համայն հայութեան:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստան¬սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին, որովհետեւ մէկը միւսով կը սնանի եւ կը զօրանայ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեանին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք վեր. Հայտոսթեան յայտարարեց, որ Հայկազեան համալսարանին մէջ հաստատուած է եւ 2011-2012 տարեշրջանին պիտի սկսի գործել Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոն, որուն հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ այս ծրագիրի յաջողութեան համար իր նիւթական ներդրումը ունեցած է բարերար Երջօ Սամուէլեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամին, որուն աջակցութեամբ կարելի եղաւ գիտաժողովը յաջողցնել:

Երեւանի պետական համալսարանի խօսքը արտասանեց համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց, որ համայն հայութեան համար շատ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող սեպտեմբերեան այս օրերուն արդէն կ՛եզրափակուի Հայկազեան համալսարանի 55¬ամեակը: Ան բարձր գնահատեց սփիւռքի միակ հայկական համալսարանին դերն ու տեղը` իբրեւ կրթական բարձրագոյն օճախ, որ իր արժանի դիրքը կը վայելէ համալսարանական աշխարհին մէջ: Ա. Սիմոնեանի համաձայն, թէեւ Հայկազեան համալսարանը ունի պանծալի պատմութիւն, բայց եւ այնպէս անիկա ժամանակակից է, կրցած է քայլ պահել փոփոխութիւններուն հետ եւ այսօր դիւրութեամբ կը շրջանցէ իրեն դէմ ցցուող մարտահրաւէրները` կառչելով իր աւանդութիւններուն, միեւնոյն ատեն նայելով դէպի յառաջ: Այս իմաստով, ան համալսարանը նկատեց յարատեւող:

Հայկազեանի եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ գործակցութեան անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ այս մէկը հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ իրենք ջանք ու ճիգ պիտի չխնայեն այս յարաբերութեան ամրապնդման եւ խորացման համար:

Իր խօսքի աւարտին ան վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին յանձնեց Երեւանի պետական համալսարանի ոսկեզօծ մետալը, իսկ Հայկազեան համալսարանին` գեղանկար մը:

Ճաշկերոյթէն պահ մը. Գեղամ արք. Խաչերեան կ՛ուղղէ ողջոյնի իր խօսքը

Ապա Արմէն Քեչեկ դաշնակի, իսկ Յովիկ Գարախանեան ջութակի վրայ նուագեցին Էդուարդ Պաղտասարեանի «Նոքթիւրն» եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Ղայթարմա» կտորները:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը` մաղթելով, որ գիտաժողովը ըլլայ արդիւնաւէտ եւ լուծումներ առաջադրող: Ապա անդրադառնալով լիբանանահայութեան` նախարարը զայն նկատեց սփիւռքի մայրաքաղաքը, անոր հայապահպանման միջնաբերդը, մշակոյթի տարածման կեդրոնը, հայկական ուժի ու զօրութեան դարբնոցը, ուրկէ ներուժ կը տարածուի դէպի սփիւռքեան այլ գաղութներ: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան, որ իր կարողականութիւնը կը սփռէ աշխարհով մէկ, նաեւ` Լիբանանի պետութեան, որ  առիթ տուած է գաղութին, որպէսզի ան կարենայ բարգաւաճիլ ու իր կարելիութիւնները դնել ի սպաս Լիբանանի եւ հայութեան:

Նախարար Յակոբեան սփիւռքը նկատեց ժողովուրդներ, պետութիւններ կամրջող երեւոյթ մը` յատուկ կերպով անդրադառնալով 100¬է աւելի երկիրներու մէջ տեղակայուած հայկական սփիւռքին: Անոր համաձայն, հայութեան մօտ առկայ բազմազանութիւնը առաւելութիւն ու հարստութիւն է, եւ սփիւռքեան գաղութները փաստած են, որ իրենք ուժ են ու Հայաստանի հետ կապ ունեցողները պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլան, որ անոնք կը յարաբերին 10 միլիոն հայութեան հետ:

Սփիւռքի նախարարը գիտաժողովի նիւթին անդրադառնալով ըսաւ, որ շատ կարեւոր է անցեալէն դասեր քաղել, այսօրը հարստացնել, որովհետեւ անիկա ապագայի հիմքն է, իսկ զօրաւոր ապագայ մը կ՛ենթադրէ ուժեղ ներկայ մը: Ան հաստատեց, որ սփիւռքահայութեան ապագան աւելի հզօր պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան ունի անկախ հայրենիք մը:

Ապա ան ներկաները շնորհաւորեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն 20-ամեակին առիթով` դիտել տալով, որ սեպտեմբերը պետականակերտման ամիս է, իսկ Հայաստանը այսօր իր բոլոր ծրագիրներուն մէջ յատուկ կերպով նկատի ունի սփիւռքը: Այս իմաստով նախարար Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր հայութիւնը առաւել եւս հզօր է, որովհետեւ իր ձայնն ու պահանջը լսելի կը դարձնէ 10 միլիոն հայու բերնով:

Աւարտին ան դրուատեց Հայկազեան համալսարանն ու անոր ծաւալած մեծ աշխատանքը` հայութեան ծառայութեան լծուած սերունդներ պատրաստելու իմաստով: Այս առիթով ան համալսարանին նուիրեց գեղանկար մը:

Իր կարգին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարին եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանին յուշանուէրներ յանձնեց համալսարանին կողմէ:

Նշենք, որ գիտաժողովը իր աշխատանքներուն կը սկսի վաղը առաւօտեան ժամը 9:30¬ին:

Յայտնենք, որ ի պատիւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ անոր ընկերակցող հայրենի պատուիրակութեան, երէկ երեկոյեան Հայկազեան համալսարանը ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ:

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.