Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Վիքթոր Մարսիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ իրենց նախագահական իսկական թեկնածուն Ամին Ժեմայէլն է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղներուն սակերը նուազած են 200 լ. ոսկիով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ լիբանանցիները անկարող են ազգային տագնապները լուծելու իմաստով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը լսող կողմերը չեն կրնար համեստ չըլլալ իրենց պահանջներուն մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ֆինանսաւորումը մէկ քայլ առաջ երթալ կը նշանակէ: Ան շեշտեց նաեւ, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջը իրաւացի է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յիշատակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկը պիտի ըլլայ առիթ մը` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աշխատանքը վերսկսելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էտմոն Ռըզք հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն խոչընդոտումը ոչ մէկ ատեն կարելի է բացատրել իբրեւ սահմանադրական իրաւունքի գործադրութիւն:

ՊՔԵՐՔԷԻ յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին մտահոգութիւն յայտնեցին` պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն մէջ քրիստոնեաներու թիւի նուազումին առնչութեամբ:

ԸՍՏ նախարարներու եւ երեսփոխաններու, 8 փետրուարի նախագահական ընտրութեան նիստը պիտի ըլլայ նախկիններուն նման:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի ողջունեց Ժեզզինի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կատարելու որոշումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ եթէ բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ չպայքարէին, ապա այսօր հանրապետութեան նախագահութեան մասին ոչինչ կրնայինք ըսել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին նպատակը Դիմադրութիւնը արմատախիլ դարձնելու փորձ մըն էր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ պէտք է ընդառաջել Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջին` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց կեանքը վտանգի կ՛ենթարկեն մեզի համար:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Ռմբակոծումները Պիտի Չդադրին` Մինչեւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Պարտութիւնը»

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Իրան Կը Փափաքի Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը Շրջանային Իրադարձութիւններուն Կապել» Շեշտեց Ռիֆի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.