Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՈՒՐԱԽ-ԶՈՒԱՐԹ ԵՒ ԹՐՔԱՎԱՐԻ ԱՊՐԻԼ

September 6, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու իր արտասանած ճառերէն մէկուն մէջ ըսաւ. «Թուրքիա եւ Իրան հասարակաց պատմութիւն մը կը կիսեն»: Իսկ այլ ճառի մը մէջ նշեց, որ` «հասարակաց ճակատագիր մը, հասարակաց պատմութիւն մը, հասարակաց ապագայ մը կարգախօսն է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ»: Իսկ տարբեր առիթով մըն ալ յայտարարեց. «Մենք հասարակաց պատմութիւն մը, հասարակաց ճակատագիր մը եւ հասարակաց ապագայ մը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն ունինք Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ»: Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնները զիս դրդեցին մտածելու, թէ Թուրքիա աշխարհի ո՞ր երկիրներուն հետ հասարակաց պատմութիւն, հասարակաց ճակատագիր եւ հասարակաց ապագայ չունի:

Բոլորովին վերջերս, երբ ըմբոստներու հակակշիռին տակ գտնուող Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ ամբոխները կ՛երգէին` «Էրտողա՛ն, Թուրքիա, իսլամ», Տաւութօղլու անոնց ըսաւ. «Մենք հասարակաց պատմութիւն եւ ապագայ ունիք»:

Ատիկա կրնայ գէշ լուր մը ըլլալ Լիպիոյ ընդդիմութեան հետ Թուրքիոյ ապագայ յարաբերութիւններուն համար:

Թուրքիոյ հետ հասարակաց պատմութիւն եւ ապագայ ունեցող երկիրներէն մէկը իրարու ետեւէ թշնամական, չարակամ նշաններ կ՛առաքէ Անգարա` Տաւութօղլուի մարդոցմէ պահանջելով Սուրիոյ գործերուն չմիջամտել, նոյնիսկ Թուրքիան մեղադրելով «ահաբեկիչները» զինելու յանցանքին համար:

Միւս երկիրը, որուն հետ Թուրքիա հասարակաց պատմութիւն ունի, կը չափչփէ, թէ թրքական չարակամ յաջորդ արարքը ե՞րբ եւ ուրկէ՞ պիտի գայ: Խօսելով այս երկրին մասին` Տաւութօղլու ըսաւ. «Մենք զրուցելիք ոչինչ ունինք»: Անխուսափելիօրէն քաղաքական աղբաման նետուեցաւ առանց մուտքի արտօնագիրի-ազատ շուկային գօտին, որ կը միացնէր «հասարակաց-պատմութիւն եւ-ապագայ-ընկերներ» Թուրքիան, Լիբանանը, Սուրիան եւ Յորդանանը:

Նոյն ատեն, միւս երկիրը, որ Թուրքիոյ հետ հասարակաց ապագայ եւ պատմութիւն ունի, սահմանին վրայ 120 քիլոմեթրնոց գօտի կը փորէ:

Հարաւային կղզիաբնակները, որոնց հետ մենք հասարակաց պատմութիւն եւ ապագայ ունինք (թէեւ Տաւութօղլու ատիկա մասնաւորաբար չէ նշած), կը շարունակեն վեթոյի ենթարկել Եւրոպական Միութեան մեր անդամակցութեան հանգրուանները եւ կ՛իրականացնեն Առանձին տնտեսական գօտիի իրենց ծրագիրները` հակառակ թրքական ընդդիմութեանց:

Պուլկարացիները, հայերը եւ վրացիները բախտաւոր են. անոնք Թուրքիոյ հետ հասարակաց պատմութիւն մը եւ ապագայ մը չունին: Պոսնիացիները կրնան հաւասար չափով բախտաւոր չըլլալ (այո՛, անոնք մեր դրացիներն են, որովհետեւ Տաւութօղլու ծաւալողական ձեւով Թուրքիոյ մերձակայքը կը բնութագրէ, կը սահմանէ իբրեւ օսմանեան տիրապետութեան ընդարձակ տարածութիւնը): Ապագայ այցելութիւն մը Սարայեւօ` կրնայ վտանգի ենթարկել Պոսնիոյ հետ յարաբերութիւնները, եթէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերակոչէ, յիշէ Պոսնիոյ հետ մեր հասարակաց պատմութիւնը եւ ապագան (եթէ արդէն իսկ չէ ըրած): Բաւարար չափով տագնապայարոյց, ահազանգային էր, երբ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ 16-րդ դարը Պալքաններու մէջ ոսկեդար էր, եւ թէ` օսմանեան ժամանակաշրջանը պէտք է պալքանեան երկիրներ վերադառնայ: Պալքանցի վերլուծաբան մը վերջերս գրեց. «Թուրքիա պիտի գնահատուի Պալքաններու մէջ իր այժմո՛ւ արարքներով, այլ ոչ թէ` 400 տարի առաջ ըրածով»:

Բայց զիս յատկապէս կ՛անհանգստացնէ Եգիպտոսը, ուր յետմուպարաքեան քաղաքական դաշտը, որ Թուրքիոյ հետ չնչին հասարակաց պատմութեամբ եւ ապագայով մը, որեւէ պահու կրնայ յիշել իր հակաօսմանեան անցեալը:

Ըստ «Տի Իքոնոմիսթ» թերթին, կը թուի, թէ «Հիւսիսային Ափրիկէէն Ծոցի երկիրներ շրջանը կ՛անցնի թրքական պահու մը ընդմէջէն»: Ի՜նչ երջանկութիւն: «Ուրեմն կա՞յ արդեօք պատճառ մը, որպէսզի արաբական երկիրները, իրենց այժմու վերիվայրումներէն անցնելով` ուրախ-զուարթ եւ թրքավարի չապրին», կը հարցնէ թերթը, որ կը գրէ, թէ բարեպաշտ անձերու իշխանութեան գալը չի նշանակեր Արեւմուտքի հետ յարաբերութեանց եղերական խզում:

Եւ «Տի Իքոնոմիսթ» վերլուծումին մէջ մենք պէտք է ուրախ-զուարթ եւ թրքավարի ապրինք, որովհետեւ` «չկայ նշում մը, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ը պիտի լքէ, կամ պիտի խզէ դիւանագիտական կապերը Իսրայէլի հետ»: Նոյնիսկ աւելի լաւ լուրեր կան. «Մինչեւ հիմա, առնուազն, Թուրքիա շատ հեռու է կիներու զգեստաւորումը իրանեան ոճով բռնի պարտադրելէ, ինչպէս նաեւ` մեծ որոշումներու մէջ կղերական դասակարգին վերջնական, վճռական խօսքէն: Որքա՜ն սփոփարար է:

«Տի Իքոնոմիսթ» թերթը հաւանաբար մոռցած է նշելու թրքական իսլամական տիրապետութեան, իշխանութեան մէկ այլ մեղմ երեւոյթը. մենք տակաւին չենք գլխատեր ոճրագործները, չենք քարկոծեր անբարոները, կամ հիւլէական զէնքեր չենք շիներ:

Յայտնենք, որ առաջին երկուքը հասարակաց մշակոյթին, քաղաքակրթութեան մէջն են կարգ մը այն երկիրներուն, որոնց հետ հասարակաց պատմութիւն եւ ապագայ ունինք: Եւ մեր օսմանեան նախահայրերը վստահաբար երրորդն ալ պիտի փորձէին, եթէ իրենց ժամանակի արհեստագիտութիւնը ատիկա իրենց արտօնէր:

ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

ՈՒՐԵՄՆ, ԱՅԺՄ Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՊԱՀՊԱՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԿԱՐԳԵՐԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՄԵՐԻԿԱ-ՍՈՒՐԻԱ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.