Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբերը Երկրէն Հեռացնելու Իմաստով Այլ Ընկերութիւն Մը 123 Տոլարի Փոխարէն 85 Տոլար Կ՛առաջարկէ` Իւրաքանչիւր Թոնի Համար

January 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghp_012716

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանէն աղբերը հեռացնելու առաջարկով «Նիւ Պոքսըր» ընկերութիւնը ներկայացած է լիբանանեան պետութեան եւ առաջարկած, որ աղբի իւրաքանչիւր թոնի փոխադրութիւնը կատարէ 85 տոլարով, փոխան` 123 տոլարի, որ ճշդուած էր «Շինոք» ընկերութեան կողմէ:

«Նիւ Պոքսըր» ընկերութիւնը այս առումով նամակներ յղած էր վարչապետին եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:

16 յունուարին նոյն ընկերութիւնը դարձեալ նամակներ յղած էր լիբանանեան իշխանութիւններուն` յայտնելով, որ աղբերը ժամանակաւոր կերպով երկրէն դուրս փոխադրելու կողքին, ինք պատրաստ է լիբանանեան նահանգներուն` Պեքաայի, հիւիսային Լիբանանի, հարաւային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ կառուցելու ճարտարարուեստի յատուկ արդիական շրջաններ, ուր աղբի վերամշակման կեդրոններ պիտի հաստատուին:

«Նիւ Պոքսըր» ընկերութեան համաձայն, աղբերը Լիբանանէն դուրս փոխադրելու ժամանակաւոր հանգրուանը պէտք է առաւելագոյնը 24 ամիս ըլլայ:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ աղբերը երկրէն հեռացնելու առումով յաւելեալ առաջարկներ պիտի չսերտուին:

Նախարարական աղբիւրները հաստատեցին, որ կառավարութիւնը օրինաւոր կերպով չկատարեց նուազուրդները` նկատի ունենալով փողոցները ողողող աղբերն ու պետութեան վրայ բանեցուած ճնշումները:

Նախարարական աղբիւրները շեշտեցին, որ աղբերը Լիբանանէն հեռացնելու իմաստով կառավարութիւնը իր տուած որոշումը վերատեսութեան պիտի չենթարկէ` աւելցնելով, որ «Նիւ Պոքսըր» ընկերութիւնը աղբի հեռացման եւ վերամշակման մարզին մէջ մեծ փորձառութիւն չունի:

Միւս կողմէ, սակայն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ «Նիւ Պոքսըր» ընկերութեան առաջարկին լոյսին տակ հաւանական է, որ կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը` նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանի պետական գանձարկղին համար 100 միլիոն տոլարի խնայողութիւն պիտի կատարէ:

Խալիլ շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է վերստին սերտել նաեւ երկրին մէջ աղբանոցներ պատրաստելու եւ աղբի վերամշակում կատարելու հեռանկարները` իբրեւ աղբի հարցին վերջնական լուծում:

Նախորդը

1 փետրուարէն սկսեալ` մէկ կապ արաբական հացը 50 կրամ աւելի պիտի կշռէ

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Մաշնուք Եւրոպական Միութեան Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկեցին Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով Համագործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.