Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

September 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ցուցահանդէսի բացումէն պահ մը

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Աննա Շահնազարեանի իւղաներկի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:

Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Համազգայինը հիմնուած է Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համօ Օհանջանեանի ճիգերով, որոնք վճռորոշ դեր ունեցած են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման աշխատանքին մէջ: Ան աւելցուց, որ այսօր այդ հիմնադիրներուն ջանքերով ստեղծուած միութիւնը, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման առիթով, կը շարունակէ իր ուղին` միշտ զօրավիգ կանգնելով Հայաստանի պետականութեան պահպանման:

Հաւաթեան շեշտեց, որ այս ցուցահանդէսը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր արժէք ունի, որ կը նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ ստանձնած էր այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:

Իր կարգին, նախարար Հրանուշ Յակոբեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայաստանի արուեստը պէտք է ներկայացուի սփիւռքի մէջ եւ փոխադարձաբար սփիւռքինը` Հայաստանի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ արուեստագէտներուն միջեւ ստեղծել կապ եւ գործակցութիւն: Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ արդէն երեք համահայկական ցուցահանդէսներ իրականացած են` յոյս յայտնելով, որ այս նախաձեռնութիւնները հետագային կը բազմապատկուին: Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ հայերը միասնաբար յաղթահարեն յառաջիկայ մարտահրաւէրները` հզօրացնելու համար հայրենիքը:

Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց գեղանկարիչ  Աննա Շահնազարեան, որ նշեց, թէ իր գեղանկարները կը ներկայացնեն իր հոգեկան աշխարհը: Շահնազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շահնազարեանի 28 գեղանկարները, որոնց մէջ ակներեւ է գոյներու եւ երանգներու ներկայութիւնը: Գեղանկարիչին իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը ունի իր իւրայատկութիւններն ու նիւթը, որ  արտայայտութիւնն է անոր ներաշխարհին ու ապրումներուն: Գեղանկարները ունին յատուկ թեմաներ, ինչպէս` «Սպասում», «Երազը», «Թիթեռնիկներու պար», «Ժամանակի հետ երկխօսութիւն» եւ «Վերածնունդ»:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 սեպտեմբեր 2011, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.