Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Եւ Ֆրանսական Զինուորական Պատուիրակութիւններ Կը Խոստանան Զօրակցիլ Լիբանանեան Բանակին

January 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji_Austin_012216

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան պետ զօր. Լոյտ Օսթընը` ընկերակցութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները եւ ամերիկեան ու լիբանանեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք զօր. Օսթըն ըսաւ. «Ինչպէս որ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ պաշտպանել լիբանանցիները, նոյնպէս ալ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն զօրակցիլ լիբանանեան բանակին` Լիբանանը պաշտպանելու իր դերակատարութեան իբրեւ նեցուկ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու պիտի մնայ բանակին տրամադրելու արդիական զէնքեր, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել իր երկիրը, անոր սահմաններն ու ազգային գերիշխանութիւնը` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւին վրայ:

Ֆրանսական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը
Կ՛այցելէ Մուքպելի

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց  ֆրանսական զինուորական պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն եւ դեսպանատան զինուորական կցորդը:

Հանդիպումին ընթացքին ֆրանսական պատուիրակութիւնը նախանձախնդրութիւն յայտնեց օժանդակելու լիբանանեան բանակը զինելու հոլովոյթին:

Զինուորականները գնահատեցին բանակին դերակատարութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին առումով, հաստատելով, որ իրենք միացեալ թշնամիի մը` ահաբեկչութեան դէմ կը կռուին:

Ֆրանսական զինուորական պատուիրակութիւնը իր յանձնառութիւնը յայտնեց Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին նկատմամբ:

ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակը շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները` ուղղակի թիրախ դարձնելով հաւատադրժողական զինեալներուն դիրքերը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարիրի Կը Քննադատէ Լիբանանը Իր Արաբականութենէն Զրկող Եւ Օտարացնող Արարքները, Իսկ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.