Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Չորրորդ Յաղթանակին Ականատես Ըլլալու Մեծ Ակնկալութեամբ

January 16, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ցարդ արձանագրած է յաջորդական երեք յաղթանակ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին:

Տարեշրջանին նախօրեակին աշխատանք տարուեցաւ եւ մեծ ճիգ ի գործ դրուեցաւ, զօրաւոր կազմ մը պատրաստելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ ախոյեանութեան համար պայքար մղել մնացեալ խումբերուն հետ` հաւասարէ-հաւասար:

Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները լաւագոյն փաստն են, որ ՀՄԸՄ բռնած է խաղաոճի ճիշդ ուղին` իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ:

Շանվիլի դաշտին վրայ արձանագրուած առաջին յաղթանակով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզահամալիրին մէջ Պիպլոսի դէմ արձանագրուած փառաւոր յաղթանակով եւ Սանթրալի դաշտին վրայ Լուէյզիի նկատմամբ տօնուած երրորդ յաղթանակով ՀՄԸՄ եկաւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, եւ թէ տեղացի պասքեթպոլ սիրող հասարակութեան ըսելու, որ իւրաքանչիւր խումբ պէտք է իր հաշիւները լաւ ընէ, նախքան իր մրցումը:

Այսօրուան մրցումը` Ռիատիի դէմ, ՀՄԸՄ-ին համար պիտի ըլլայ այլ անկիւնադարձ մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի հնգեակը իր առաւելագոյնն ու կարելին պիտի ընէ, արձանագրելու համար իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, նոյնիսկ եթէ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ եւ անոր համակիրներուն ներկայութեան:

Փաստը այն է, որ ՀՄԸՄ, ցարդ իր դաշտէն դուրս երկու յաղթանակը տօնեց Շանվիլի եւ Լուէյզիի դաշտերուն վրայ` անոնց մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան:

Այսօր եւս, նոյնը կրկնելու առաջնահերթ նպատակով ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պիտի մեկնին Մանարա եւ բոլորս միասնաբար չորրորդ յաղթանակին ականատես ըլլալու մեծ ակնկալութեամբ ներկայ պիտի ըլլանք կամ` պիտի հետեւինք, այսօրուան` Ռիատի – ՀՄԸՄ մրցումին:

Յաջողողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի տղոց:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ. Վաղը` Սաժես – Պիպլոս

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.