
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւնը պիտի ըլլայ «ԱՏԻՏԱՍ»-ը:
Երկու կողմերուն միջեւ այդ համաձայնութիւնը պիտի արժէ 800 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ «ԱՏԻՏԱՍ»-ի եւ «ՆԱՅՔԻ»-ի միջեւ այս պայքարէն յաղթական դուրս եկաւ գերմանական ընկերութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ գարնան գործարքին մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարուի:


