Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պաշտօնապէս Ներկայացուց 2015-2016 Տարեշրջանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մասնակցող Իր Խումբը

December 31, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO
PROFOTO

 

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ՀՄԸՄ պաշտօնապէս ներկայացուց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին մասնակցող իր խումբը:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին մեծ թիւով ներկաներ:

Կի Մանուկեան (ձախին) եւ Ուալիտ Նասսար PROFOTO
Կի Մանուկեան (ձախին) եւ Ուալիտ Նասսար
PROFOTO

Ներկայ էր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, քաղաքապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ճորճ Սապունճեան, մեծ թիւով մարզական լրագրողներ, հովանաւորող ընկերութիւններ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Քրիստ Լիպարեան, որուն յաջորդեց Կի Մանուկեանի խօսքը, որ ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք սրահ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` սկսելով խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանէն, ապա յաջորդաբար` Արամ Աբրահամեան, Րաֆֆի Խալոյեան, Հայկ Խաչերեան, Ժան-Ժաք Յակոբեան, Ահմետ Իպրահիմ, Պիլալ Թապպարա, Պատիհ Սուէյտ, Ռապիհ Իսքանտար, Նատիմ Սուէյտ, Ճասթըն Թապզ, Տիուան Ճեքսըն եւ Նորֆել Պել:

Սրահ մուտք գործեցին նաեւ Գրիգոր Մեսչեան (խումբի պատասխանատու), Աւօ Պոյներեան (օգնական պատասխանատու), Ճօ Մըզամես (մարզիչ), Ալիք Թապաքեան, Սարգիս Սվաճեան (օգնական մարզիչներ), Ժիհատ Հատտատ, Շարլ Խալիֆէ (բժիշկներ), Յարութ Թիքիճեան (վիճակագրութիւն), Բեգլար Արապեան (գումակային աշխատանք) եւ Ռոնի Իպրահիմ (օգնական բժիշկ):

Ապա, խօսք առին պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներ Շանթ Էթիեմեզեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, որոնք ներկայացնելէ ետք հովանաւորող ընկերութիւններուն ցանկը, շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն, որոնք այս հրաւէրին ընդառաջեցին:

Լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Կի Մանուկեան ըսաւ, որ խումբին այս տարեշրջանին պիւտճէն կը կազմէ 620 հազար ամերիկեան տոլար:

Աւարտին, ֆետերասիոնին նախագահը, ինչպէս նաեւ հովանաւորող ընկերութիւնները ՀՄԸՄ-ի մարզաշապիկը ստացան իբրեւ յուշանուէր:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շաբաթ, 2 Յունուարին` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ

January 22, 2026
Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով
Մարզական

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

January 22, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.