Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՀԱՅՈՐԴԻ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

September 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քիչեր կրնան յանդգնութիւնը ունենալ մահուան դէմ յանդիման կանգնելու, արհամարհելու զայն եւ ի գին նահատակութեան կառչելու իրենց գաղափարներուն, սկզբունքներուն, մտքին, հոգիին ու խղճին ձայնին: Այդ քիչերէն էր համայն հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան հպարտութիւն ներշնչող եւ իր նահատակութեամբ պատգամ փոխանցող

գաղափարապաշտ, տիպար դաշնակցական եւ նուիրեալ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեան, որուն յիշատակին նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:

Հետաքրքրական նորութիւն էր այն, որ սրահի մուտքին զետեղուած էր պաստառ մը, որուն վրայ իրենց ստորագրութիւնը կամ անունը արձանագրեցին ձեռնարկին ներկայ գտնուողները:

Սարհատ Արոյեան
Հրակ Աւետանեան

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սարհատ Արոյեան, որ անդրադարձաւ նահատակներուն մարմնաւորած արժէքին ու փոխանցած պատգամին` դիտել տալով, որ անոնք կը գօտեպնդեն իրերայաջորդ  սերունդները, ուժ, կորով եւ հաւատք կը ներշնչեն անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել հայութեան սրբազան գոյերթը: Ապա ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտրած ուղին` յայտնելով, որ ան ջահակիրը եղաւ արդարութեան, խօսքը գործի վերածեց ու այսօր կը բոցավառէ բոլորին սրտերը:

Իր խօսքի աւարտին Ս. Արոյեան հաստատեց, որ Մհեր Ջուլհաճեանի եւ հայութեան նահատակներուն ուղին կը շարունակուի, երբ երիտասարդութիւնը կը կառչի իր դատին, Արցախի սահմանները անսասան կը դառնան եւ հայութեան իրաւունքները կը վերադարձուին իրեն: Յայտագիրը վարեց Հրակ Աւետանեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի ապրած կեանքն ու դէպի նահատակութիւն ընտրած ուղին` յանուն հայութեան եւ Արցախի:

Շանթ Եագուպեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Շանթ Եագուպեան, որ անդրադարձաւ պայքարի ուղին բռնած Մհերին, անոր բնաւորութեան իւրայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր նահատակութեամբ փոխանցած պատգամներուն:

Ան հաստատեց, որ Մհեր գնաց իրեն նախորդող ազատամարտիկներու, ֆետայիներու եւ անձնազոհներու ուղիով` հաստատ գիտնալով, որ այս ուղիին վրայ կրնայ մահը գրկել: Բայց եւ այնպէս, նշեց բանախօսը, Մհերի նահատակութիւնը ակնկալուածէն կանուխ տեղի ունեցաւ, «ափսոսացինք Մհերի կորուստին համար, որովհետեւ Մհեր տակաւին շատ բան ունէր տալիք իր ազգին ու հայրենիքին, բայց չկրցաւ տալ, որովհետեւ մեր հերոսները չեն մեռնիր. անոնք կը նահատակուին, իրենց ոսկորները կ՛ապրին հողին տակ եւ հոգիները կը սաւառնին մեր հայրենիքի յաւերժութեան մէջ` Տարօն, Կարին, Մուշ ու Սասունէն մինչեւ Պիթլիս, Վան, Արտահան, Կարսէն մինչեւ Անի, Երեւան, Շուշի, Նախիջեւանէն մինչեւ Ախալքալաք, մինչեւ հինգհազարամեայ քաղաքներն ու գիւղերը հայոց աշխարհի»:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ հակառակ կարճ կեանքին, Մհեր ապրեցաւ հերոսական ու բովանդակալից կեանք մը: Ան կը պատկանէր Դաշնակցութեան 100-ամեակի սերունդին եւ իւրացուցած էր կուսակցութեան մաքրամաքուր արժանիքները, հայրենապաշտութեան զգացումներով տոգորուած էր, այդ պատճառով ալ գնաց Հայաստան` բնական եւ վերջնական հայրենիքը ամէն հայու: Ապա ան անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նկարագրային ուրոյն գիծերուն` քաջ, կարգապահ, գաղտնապահ, բարոյականի տէր, հնարամիտ, նախաձեռնող, արագ կողմնորոշուող եւ ընկերասէր: Ան այն անձն էր, որ կը տագնապէր հայութեան վերաբերող հարցերով, Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի նոր սերունդը համակող յոռի երեւոյթներով:

Շանթ Եագուպեան շեշտեց, որ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեան այսօր երեք պատգամ կը փոխանցէ մեզի. առաջին` համոզուիլ եւ համոզել Արցախի հայկականութեամբ` հիմնուած պատմական, մշակութային եւ իրաւական տուեալներու վրայ, երկրորդ` կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, իսկ երրորդ պատգամը ուղղուած է երիտասարդութեան` դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր, պայքարելու յանուն հայութեան եւ անոր դատին: Բանախօսը շեշտեց, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հզօրութիւնը կը կայանայ իր արեւելեան կողմը պաշտպանութեան ամրոց Արցախի գոյութեամբ: Երիտասարդութեան ուղղուած պատգամը մանրամասնելով` Շ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ հակառակ անկայուն վիճակին, դարուն բերած հսկայական մարտահրաւէրներուն, երիտասարդութիւնը պէտք է արդի արհեստագիտութեան միջոցներով պատրաստուի պայքարի` բոլոր ճակատներուն վրայ:

Աբիկ Չոլաքեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան
Յակոբ ու Սերօ Քելուկեաններ եւ Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան

Գեղարուեստական բաժինով Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի, իսկ Աբիկ Չոլաքեան դաշնակի վրայ ներկայացուցին «Կռունկ»ը, Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան ասմունքեց Դ. Վարուժանի «Հայր օրհնէ՛» բանաստեղծութիւնը: Ապա տուտուկի վրայ «Վարդանի մօր երգը» նուագեցին Յակոբ եւ Սերօ Քելուկեաններ, որոնք նաեւ ընկերակցեցան Մակի  Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեանի, որ ասմունքեց Ա. Սահակեանի «Խաչ եւ սուր» կտորը:

 

Արա Ազատի կենդանի գծագրութիւնը
Գառնիկ Սարգիսեան

Ապա կենդանի գծագրութեամբ Արա Ազատ ձեռնարկին սկիզբը սրահ մուտք գործողներու ստորագրութեամբ լեցուն պաստառին վրայ ուրուագծեց Եռագոյնը եւ անոր ընդմէջէն Մհեր Ջուլհաճեանը, որ ապրեցաւ Եռագոյնով, հետեւեցաւ անոր եւ նահատակուեցաւ անոր համար, ինչպէս նաեւ այդ Եռագոյնն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի` իրեն հետ տանելով պատգամը Մհեր Ջուլհաճեաններու: Ձեռնարկին մասնակից լիբանանահայութեան ստորագրութիւնները կրող պաստառին վրայ համալրուեցաւ լիբանանահայութեան հարազատ զաւակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտրած ուղիին ու փոխանցած պատգամին ուրուագիծը` ծառայել, հաւատարիմ մնալ Եռագոյնին եւ զոհուիլ անոր անսասանութեան ի խնդիր:

Աւարտին Գառնիկ Սարգիսեան երգեց «Մհերի յիշատակին» եւ «Զոհուածներին» երգերը, որմէ ետք հնչեց «Մշակ բանուոր»ը, որ եզրափակիչ բաժինը եղաւ ձեռնարկին:

 

Նախորդը

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԷՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԴԵՐԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» ՆՇԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.