Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թող Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը Ըլլայ Մարդկային Խղճին Զարթուցիչը

December 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ  ձեզի պիտի աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ ժողովուրդինը: Այսօր ձեզի փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է:  Արշալոյսը` յաջորդական ծնունդներու, նո՛ր մարդուն, եղբայրութեան, համերաշխութեան ու խաղաղութեան բոլոր ժողովուրդներուն համար»:

Ասիկա էր աւետիսը, զոր հրեշտակը 2015 տարիներ առաջ տուաւ համայն մարդկութեան:

Արդարեւ, իսկական աւետիս մըն էր այդ մանուկին ծնունդը խոնարհ մօրմէ մը, շքեղ պալատի մը փոխարէն` փոքր գիւղի մը փոքր մսուրին մէջ,  շրջապատուած անասուններով: Ուրախութիւն պարգեւող աւետիս մը, որովհետեւ  պարզ մարդու նման, խոնարհ պայմաններու տակ ծնող այդ մանուկը Փրկիչն էր, խաղաղութեան առաքեալը: Անոր ծննդավայրէն` Բեթղեհէմէն պիտի բխէր խաղաղութեան պատգամը` ուղղուած համայն մարդկութեան: Անոր ծնունդը սահմանուած էր մարդը ազատելու մեղքի ստրկութենէն եւ դառնալու բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ուղեցոյցը:

Հակառակ Բեթղեհէմի բնակիչներուն նման զինք ընդունիլ եւ անոր տեղ տալ մերժողներուն, Ան եղաւ անվախ մանուկ մը, ոչ մէկ դժուարութիւն ու խոչընդոտ վախցուց զինք, որովհետեւ ան կու գար քաջութիւն շնորհելու բոլոր յոգնած ու վախի մէջ գտնուող  հոգիներուն: Անոր ծնունդը եղաւ հրաւէր մը ընդհանրական սիրոյ:

Ինչպէ՛ս չուրախանալ ու չցնծալ  ի լուր  խաղաղարար ու փրկարար այսպիսի նպատակներով ու առաջադրանքներով Աստուածորդւոյն գալստեան:

Ահա թէ ինչու 2015 տարիներ ետք մենք կը շարունակենք  հանդիսաւոր արարողութիւններով ու մեծաշուք տօնակատարութիւններով նշել Յիսուսի ծնունդը` անոր մէջ տեսնելով Փրկիչը, որ կը վերածնի, Փրկիչը, որ կու գայ փարատելու մեր սրտերը ընկճող ամէն վախ, կ’ուզէ ցոյց տալ, որ բարիքը ամէն չարիքէ աւելի մեծ է, լոյսը խաւարէն աւելի զօրաւոր  եւ մանաւանդ` շնորհը աւելի կարեւոր, քան մեղքը:

Ան կու գայ այսօրուան Արեւելքի բնակիչներուն ըսելու, թէ սարսափարար պատերազմները, սպանութիւնները, վայրագութիւնները եւ այդ բոլորէն խուսափելու համար տեղի ունեցող գաղթը անցողակի են եւ Իր շնորհներով  պիտի ունենան իրենց աւարտը: Ան Իր վերածնունդով պիտի հարթէ եղբայրասիրութեան, մարդասիրութեան ու խաղաղասիրութեան ճանապարհը եւ մեր հոգիները պիտի լեցնէ յուսալիութեամբ:

Ասիկա է իւրաքանչիւր քրիստոնեային ուղղուած պատգամը Ս. Ծննդեան խորհուրդին:  Զայն հասկնալու ու ապրելու համար հրաւիրուած ենք աղօթելու մսուրին առջեւ, որուն մէջ կը տեսնենք «Խօսք»-ը, որ մարմին առաւ եւ դարձաւ մեզի նման եւ որուն հետ ո՛չ  դժուարութիւն, ո՛չ խաւար եւ ո՛չ ցաւ կայ:

Ս. Ծննդեան խորհուրդի պատգամին ամէնէն աւելի հաւատարիմ ու ականջալուր ժողովուրդներէն մէկը եղանք մենք` հայ ժողովուրդը, որ այդ պատգամին առաջնորդութեամբ ու ներշնչումով յաղթահարեց 100 տարիներ առաջ իրեն պարտադրուած խաչելութիւնը եւ անոր բոլոր հետեւանքները, վերականգնեցաւ բարձրաճակատ եւ այսօր համայն աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ  այդ սրբազան պատգամին կենդանի վկայութիւնը:

Այս տարուան Ս. Ծնունդը կը զուգադիպի Վատիկանեան Բ. ժողովի փակման 50-ամեակին, ինչ որ նոր առիթ մըն է նայելու դէպի մեր եկեղեցւոյ ապագան:

Իսկ երկու շաբաթներ առաջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարելով Ողորմութեան տարւոյն`   թեւակոխեցինք սիրոյ  ու եղբայրասիրութեան շրջանը: Ասիկա առիթ մըն է մեզի համար խորունկ մտածելու հոգեւոր ու մարդկային մեր  պարտականութիւններուն մասին, մտածելու մանաւանդ մեր այն եղբօր մասին, որ այս իսկ վայրկեաններուն կը տառապի ու կը չարչարուի զանազան պատճառներով եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ողբերգական դէպքերուն հետեւանքով:

Բոլորս կը յուսանք, որ այս եղբայրասպան պատերազմները դադրին, որպէսզի մարդիկ վերադառնան իրենց ծննդավայրերն ու օճախները, ուրկէ հեռացած են պարտադրաբար: Աղօթենք, որպէսզի մարդիկ առաջնորդուին ու գործեն միայն Ս. Ծննդեան փրկարար պատգամին ներշնչումով` դառնալով  մէկ եկեղեցի, մէկ սիրտ, մէկ հոգի, մէկ  օճախ` Աստուծոյ սիրոյ ու միութեան մէջ:

Թող մանուկ Յիսուսին ծննդեան աւետիսը, որ   փառահեղօրէն կը հնչէ այսօր, ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ համայն մարդկութեան խղճին զարթուցիչը  եւ հանդիսանայ սիրոյ, ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան յաղթանակին  նկատմամբ Հաւատքի զօրացման ազդանշանը:

Ամէն:

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական Եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութի Թեմին

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 2015 Տարեշրջանի Հունձքի Ներկայացում

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Պատգամ. Ծնունդը Կը Յատկանշուի Անով, Որ Մեզ Կը Մօտեցնէ Աստուծոյ Եւ Մարդոց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.