
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ Հայաստանի տարուան` 2015-ի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին, հաղորդեց ArmSport.am:
«Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է այս իրագործումը` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Հայաստան մարզական երկիր է եւ այս ծիրին մէջ հարուստ պատմութիւն ունի: Իսկ ըլլալ այս երկրին լաւագոյն մարզիկը, ատիկա մեծ յաջողութիւն է: Իմ հիմնական նպատակս է յառաջիկայ տարի ամէն գնով ողիմպիական խաղերու ախոյեան ըլլալ», ըսաւ հայրենի ըմբիշը` Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:


