Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կռունկ» Երգչախումբը Ներկայացուց Սուրբ Ծննդեան Ա. Հայկական Օրաթորիոն Եւ Ինը Ծննդեան Երգեր` Ինը Լեզուներով

December 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

groung_122115

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ` «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, ներկայացուց Ս. Ծննդեան Ա. հայկական օրաթորիոն եւ ինը Ծննդեան երգեր` ինը լեզուներով: Համերգը տեղի ունեցաւ  Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ, կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ողջունեց ներկաները, ապա նկատել տուաւ, թէ սրբազան քահանայապետը 2016 տարին հռչակած է ողորմութեան տարի` իբրեւ առիթ ճաշակելու Աստուծոյ ներողամտութիւնը: Հետեւաբար, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան ըսաւ, որ համերգը առիթ մըն է իւրաքանչիւրին հանդիպելու Քրիստոսին, թէ՛ երգերով, թէ՛ ունկնդրութեամբ վերարժեւորելու Աստուծոյ պատկերը, որ կը մարմնաւորուի մեր գոյութեամբ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կռունկ» երգչախումբին եւ անոր ղեկավարին` Ս. Ծննդեան հայկական օրաթորիոյի առաջին ելոյթին առիթով, ինչպէս նաեւ «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանին եւ ներկաներուն:

Խօսք առաւ նաեւ «Կռունկ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար եւ ըսաւ. «Ոչ միայն դուք կը քաջալերէք մեզ այսօր, այլ մենք` երգչախումբը, կը քաջալերէ ձեզ իր ելոյթով եւ կ՛աշխատի իր երգերով կեանքի խանդավառութիւն մը ստեղծել իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ յատկապէս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին, որ  լաւագոյն առիթն է  նորոգուելու եւ մանաւանդ զգալու, որ Աստուած մեզի հետ է»:

Դոկտ. Ե. Թորիկեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց յայտագիրին յատկապէս առաջին բաժինին վրայ: Ան ըսաւ, որ երգչախումբը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Ծննդեան հայկական օրաթորիոն, որուն խօսքերը կը պատկանին մարոնի ճգնաւոր Եուհաննա Խաուանտի, իսկ երաժշտութիւնը ինք յօրինած է:

Այնուհետեւ երգչախումբը ներկայացուց Աւետումի եւ Սուրբ Ծննդեան տեսարանները: Մենակատար Ճոնի Կէօքճեան մարմնաւորեց Գաբրիէլ հրեշտակը, Միրէյ Քիւթիքճեան` Մարիամը եւ Աւօ Ագրապեան` Յովսէփը: Հայկական օրաթորիոյի երկու տեսարաններու երգեցողութիւնը կ՛ընդգրկէր հայկական երաժշտութեան բոլոր գոյները` ժողովրդական, դասական, եկեղեցական եւ այլն:

Երգացանկերը մատուցուեցան բարձր մակարդակով` մեծ գոհունակութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջացնելով հանդիսատեսին մօտ:

Երկրորդ բաժինով «Կռունկ» երգչախումբը ներկայացուց համաշխարհային երգերու շատ գեղեցիկ հաւաքածոյ մը` 9 տարբեր ազգերու հոգեւոր արժէք ներկայացնող երաժշտական քաղցր պատառիկներ: Այլ խօսքով, հանդիսատեսը հոգեւին հաղորդակից դարձաւ տարբեր ազգերու Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երգերու աւանդութիւններով:

Երգչախումբը ներկայացուց չինարէն, ռուսերէն, ուքրաներէն, ֆրանսերէն,  արաբերէն, իտալերէն երգեր, բայց ուշագրաւ էին ու մեծապէս խանդավառեցին նիկերական եւ արժանթինական երգերը, որոնք ուղեկցուեցան այդ ժողովուրդներու երաժշտական գործիքներով, ինչ որ աւելի հաճելի ու հետաքրքրական դարձուցին երգեցողութիւնը: Անգլերէն երգով վերջ գտաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեպարար համերգը:

Երգչախումբին դաշնակով նուագակցեցաւ Ժան Փիեռ Ասթիկեան, իսկ որոշ երգերու կատարման ընթացքին արժանթինեան կիթառով` եուքելելէով ընկերակցեցաւ Կարպիս Վարպետեան:

Աւարտին հնչած երկար ու ջերմ ծափահարութիւնները համերգին յաջողութեամբ պսակուելուն լաւագոյն վկայութիւնն էին:

 

Նախորդը

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոնին Մէջ. Ս. Ծնունդին Եւ Ամանորին Նուիրուած Տարեցներուն Ժպիտ Պարգեւող Աւանդական Հաւաք

Յաջորդը

Տարեցներու Կաղանդի Աւանդական Ձեռնարկ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.