Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Յառաջդիմական Քննադատութիւն` Հոկտեմբերեան Յեղաշրջման

December 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

c8c4f8261f8d40c88b9c02d3debd11f3

25 հոկտեմբեր 1917-ին պոլշեւիկեան կուսակցութիւնը կազմակերպեց յեղաշրջում մը` ընդդէմ ռուսական ժամանակաւոր կառավարութեան, ստեղծելով աշխարհի մէջ առաջին համայնավար պետութիւնը: Յեղաշրջման պատճառն էր համայնավարներուն քննադատութիւնը ժամանակաւոր կառավարութեան կատարած բարեփոխումներուն. երկրին դիմագրաւած  պայմաններու մէջ ժամանակաւոր կառավարութիւնը շատ մեծ ջանք թափած էր` ժողովուրդին ապահովելու բարեկեցութիւն, երկրին` խաղաղութիւն, քաղաքացիներուն` ազատութիւն եւ ազգերու եղբայրութիւն:

Համայնավարներու խանդավառութիւնը` իշխանութեան հասնելու, առիթ չտուաւ ժամանակաւոր կառավարութեան, որ շարունակէ իր բարեփոխումները. պոլշեւիկները սկսան ամէն տեղ քարոզել իրենց միտքերը` սուտ լուրեր տարածելով կառավարութեան դէմ: Չմոռնանք, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնն էր, որ պոլշեւիկներու կուսակցութիւնը դարձուց օրինական կուսակցութիւն ռուսական կայսրութեան մէջ եւ նոյնիսկ բանտերէն ու աքսորավայրերէն ազատ արձակեց բոլոր համայնավար գործիչները: Զինուորական յեղաշրջումով իշխանութեան հասնելու առաջին իսկ օրէն համայնավարները փակեցին Ներկայացուցչական ժողովը, արգիլեցին բոլոր կուսակցութիւններուն գործունէութիւնը եւ Ռուսիան վերածեցին միակուսակցական պետութեան` կեդրոնական վարչակարգով:

Համայնավարներուն վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը շատ հեռու էր ռուսական իրականութենէն. անոնք անձնական` փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները քաջալերելու եւ  համագործակցական միութիւնները զարգացնելու փոխարէն` պետականացուցին զանոնք: Պոլշեւիկեան կառավարութիւնը կարծեց, որ պետականացումով պիտի կարենայ լուծել տնտեսական բոլոր հարցերը, սակայն կառավարութիւնը աղքատ էր եւ չէր կրնար ֆինանսաւորել բոլոր հաստատութիւններն ու ձեռնարկութիւնները. պոլշեւիկները մտահոգ չէին ժողովուրդին ծանր վիճակով, անոնց միակ հոգն էր` զինել համայնավար ռազմիկները Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Կովկասի մէջ, որպէսզի իշխանութեան հասնին այդ երկիրներուն մէջ: Պոլշեւիկներուն վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւններուն հետեւանքները եղան` տնտեսական ընկում, աղքատութեան աճ, սովի եւ անօթութեան տարածում. պոլշեւիկները կարծեցին, թէ իրենք շուտով պիտի վերականգնեն տնտեսութիւնը, սակայն այդ «վերականգնումը» տեւեց տասնեակ տարիներ:

Անշուշտ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Կովկասի մէջ 1917-էն մինչեւ 1922 տեղի ունեցան քաղաքացիական պատերազմեր, որոնց հետեւանքներն էին` ընդդիմադիր գործիչներու ահաբեկումը, բանտարկութիւնը կամ աքսորումը, քաղաքացիներու արտագաղթը` փախչելու համար պատերազմէն եւ տնտեսական քայքայումը խորհրդայնացած բոլոր պետութիւններուն մէջ: Կ՛ուզեմ նշել, որ պոլշեւիկները Ներկայացուցչական  ժողովի ընտրութիւններուն 43.433.000 ձայնէն յաջողեցան ձեռք ձգել 10.661.000 ձայն, այսինքն` միայն 24 առ հարիւր: Ի վերջոյ, ինչ որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 1917-ին, չի կոչուիր «յեղափոխութիւն» եւ աշխատաւոր ժողովուրդը իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ չէ եղած այդ յեղաշրջումին կողքին. առաջին իսկ օրէն, երբ պոլշեւիկները իշխանութեան հասան, բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, որոնք կը գործէին Ռուսիոյ մէջ, դատապարտեցին անոնց հակաօրինական  յեղաշրջումը. գիւղացիութիւնը միացաւ «Կանաչ բանակ»-ին, իսկ համագործակցականներու անդամները` «Սեւ բանակ»-ին, եւ անոնք ապստամբութիւն յայտարարեցին պոլշեւիկներուն դէմ,  յետոյ ապստամբութեան հովը հասաւ մինչեւ Կովկաս. Հայաստանի մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը` 1921-ին Վրաստանի Օգոստոսեան ապստամբութիւնը` 1924-ին. սակայն այդ բոլոր ապստամբութիւնները ճզմուեցան արիւնահեղ ձեւով, ջարդեր կազմակերպուեցան ապստամբներուն դէմ:

Հոկտեմբերեան յեղաշրջման առաջնորդները չեն եղած աշխատաւորները, այլ` զինուորներն ու համայնավար գործիչները, եւ անոնց նպատակը չէ եղած ժողովուրդի վիճակին բարելաւումը, այլ` իշխանութիւնը:

 

Նախորդը

11 Դեկտեմբեր 1946. Նորաստեղծ ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Լեմքինի Առաջադրած Ցեղասպանութեան Դատապարտումի Որոշումը

Յաջորդը

ԳՈՀԱՐ-ը Անցաւ Այստեղէն

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.