Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Խանութները Զանգուածաբար Կը Փակուին` Բնակչութեան Գնողունակութեան Անկումին Պատճառով

December 21, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

shops_111315

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական minval.az կայքին, կը հաղորդէ, որ քարիւղի համաշխարհային գիներու շարունակական անկումին առնչուած` Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամին պատճառով երկրի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ սկսած են զանգուածաբար փակուիլ խանութները: Պաքուի թէ՛ կեդրոնական, թէ՛ ալ ծայրամասային փողոցներու խանութներուն ցուցափեղկերուն վրայ յաճախակի կարելի է հանդիպիլ «Փակ է», «Կը տրուի վարձով», «Կը վաճառուի», «Փակուելու հետ կապուած ի սպառ վաճառք» գրութիւնները:

Ազրպէյճանական կայքը կը նշէ, որ փորձագէտները այդպիսի ընթացքը կը բացատրեն մանաթի արժեզրկման պատճառով բնակչութեան գնողունակութեան նուազումով:

Կայքին հետ զրոյցի ընթացքին անկախ փորձագէտ Ռաշատ Ալիեւ նշած է, որ իր գնահատումով, ներկայիս փակ են Պաքուի խանութներուն 5-7 առ հարիւրը: «Քաղաքի ոչ աշխուժ գօտիներուն մէջ դատարկ խանութներու բաժինը աւելի մեծ տոկոս կը կազմէ: Նոյն պատկերն է նաեւ առեւտուրի կեդրոններուն մէջ», կը նշէ ան:

Փորձագէտին խօսքով` Ազրպէյճանի բնակչութեան տնտեսական աշխուժութեան նուազման առաջին ալիքը սկսած է յունուար 2015-ին: Երկրորդ ալիքը` փետրուարի վերջաւորութեան մանաթի շուրջ 34 առ հարիւրով արժեզրկումէն ետք: Տնտեսագէտ Սէյֆալ Ալիեւն ալ նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ առեւտուրը անկում կրած է երկրին մէջ տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, որովհետեւ բնակչութեան ձեռքին մէջ այլեւս դրամ չկայ, ինչպէս նախապէս:

«Բնակչութեան եկամուտներու առիւծի բաժինը այսօր կ՛երթայ սննդամթերք ապահովելուն: Մթերային խանութները չեն փակուած, ճգնաժամը կը վերաբերի միայն հագուստի եւ պերճանքի խանութներուն: Կը կարծեմ` մօտ ատենէն Պաքուի խանութներուն 20 առ հարիւրէն աւելին պիտի փակուի», նշած է ան:

Քարիւղի համաշխարհային գիներու եւ մանաթի փոխարժէքի անկումին պատճառով Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը յայտնուած է ճգնաժամի մէջ. փակուած են քարիւղի արդիւնաբերութեան շարք մը ձեռնարկութիւններ, պետական եւ սեփական հաստատութիւններ, հազարաւոր աշխատաւորներ գործազուրկ դարձած են, Ազրպէյճանի տնտեսական աճը օրէ օր կը նուազի, միջազգային վարկանշային գործակալութիւններու տուեալներուն համաձայն, ազրպէյճանական դրամատուները կանգնած են վտանգի սահմանին, այս տարուան ընթացքին Ազրպէյճանը արդէն 6,7 միլիառ տոլար կորսնցուցած է, երկրի պիւտճէն բացի մէջ է, եկող տարուան պիւտճէն անցեալ տարուան պիւտճէէն շուրջ 2 անգամ փոքր սահմանուած է:

 

Նախորդը

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամները Եգիպտոսի Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Նախագիծը Պիտի Քննարկեն 2016-ին

Յաջորդը

Ըստ Միջազգային Զեկուցումներու. «Արաբական Գարուն»-ը Պատճառած Է 833,7 Միլիառ Տոլարի Վնաս

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.