Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՈՉ ԹԷ ՍԿՈՒՏԵՂԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼ` ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

September 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութիւնն ու ազատութիւնը կարգավիճակներ են, որոնց ձեռքբերման համար ընդհանրապէս սուղ գին կը պահանջուի: Այն ազգերն ու պետութիւնները, որոնք այդ կարգավիճակները ձրի կը ստանան, հակամէտ են զանոնք թերագնահատելով դիւրին կորսնցնելու: Այդպիսի պարագաներու անկախութեան եւ ազատութեան ինքնեկ բացարձակ արժէքներէն ոչինչ կը պակսի, այլ` խնդրոյ առարկայ ազգերուն կողմէ անոնց լիարժէք ընկալման բարոյահոգեբանական մթնոլորտն է, որ կը խաթարուի:

Միւս կողմէ, եթէ ժողովուրդ մը, հակառակ իր բազում զոհողութեանց, յումպէտս մսխէ իր արդար ձեռքբերումը, այդ վարմունքը կարելի է յիմարութենէն, անարժանութենէն մինչեւ ողբերգութիւն երկարող հազարումէկ ու հաւասարապէս ճշգրիտ որակումներով գնահատել:

Խորհրդային Միութիւն կոչեցեալ կայսրութեան փլուզումին իբրեւ անմիջական եւ մեքենայական արդիւնք, այդ բռնատիրական վարչակարգին տիրապետութեան տակ կքած «հանրապետութիւնները» յանկարծ իրենք զիրենք գտան այնպիսի վիճակի մը մէջ,  ուր անմիջական ու տրամաբանական միակ ընտրանքը անկախութեան հռչակումն էր:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, սակայն, կարելի չէ տեղադրել վերոնշեալ «հանրապետութեանց» սկուտեղեան անկախութեանց շարքին, որովհետեւ Արցախի անկախութեան հռչակումը յաղթական պսակումը եղաւ գոյութենական պայքարի մը, որ յար եւ նման է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն պսակումը եղող Հայաստանի անկախութեան հռչակման: Անոնք արդիւնք են փառապանծ յաղթանակի մը, որ կը յաջորդէր մեծ աղէտի մը. առաջինը` Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ երկրորդը` Հայաստանը հարուածած աւերիչ երկրաշարժին:

Արցախի գոյապայքարը նաեւ Հայաստանը փրկեց սկուտեղեան անկախութեան տէր դարձած «եղբայրական հանրապետութեանց» կարգավիճակին մէջ յայտնուելէ: Ստալինեան կամայականութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանէն խլուած արծուեբոյնին պայքարը բնականաբար վերածուեցաւ նաեւ Հայաստանի գոյապայքարին: Աւելի՛ն. այդ պայքարին սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ, անոր բագինին վրայ սփիւռքահայ կեանքերու զոհաբերումով, ինչպէս նաեւ սփիւռքի կողմէ տրամադրուած հազարումէկ օժանդակութեամբ, անիկա կերպարանափոխուելով վերածուեցաւ ամբողջ ազգի մը գոյութենական պայքարին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը սկուտեղի վրայ չստացանք, անիկա մեր յաղթական պայքարի եւ քաջարի բազում զոհողութեանց պսակումն ու պտուղն է: Շարունակենք տէր կանգնիլ մեր արդար իրաւունքին: Փա՛ռք եւ պատիւ Արցախի 20-ամեայ անկախութիւնը կերտած եւ այդ անկախութեան պահպանման համար պայքարող հայ ժողովուրդին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

«ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՔԱՂԱ՞Ք», ԹԷ՞ «ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Յաջորդը

ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ ԻՐ ԿԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ 6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.