Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի Շաբաթ, 2 Յունուարին

December 17, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

meeting_121615

Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն:

Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին:

Ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար յայտարարեց, որ համաձայնագիրի մը կնքումը տեղի ունեցաւ «OMD-Pepsi» ընկերութեան հետ, որ պիտի ըլլայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան հովանաւորը:

Ակումբներուն պիտի տրամադրուի տոմսերուն 80 առ հարիւրը, այն պայմանով սակայն, որ անոր գումարը վճարուի կանխիկ եւ ոչ մէկ տոմս վերադարձուի ֆետերասիոնին: Մինչ մնացեալ 20 առ հարիւրը պիտի տրամադրուի դաշտերու յանձնախումբին` նախքան մրցումին սկսիլը:

Ուալիտ Նասսար բացատրեց, որ ընկերութիւն մը պատրաստ է հովանաւորելու աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը եւ շաբաթը մէկ անգամ մրցում մը ուղղակիօրէն պատկերասփռելու, այն պայմանով սակայն, որ աղջկանց Ա. դասակարգի խումբերը որոշեն մէկ օտարական մարզիկով մասնակցիլ ախոյեանութեան: Ասիկա տեղի ունենալու պարագային, կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներն ալ ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Էլ. Պի. Սի. Տրամա» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ինչ կը վերաբերի տոմսերուն սակերուն, որոշուեցաւ անոնց գինը դարձնել 5000 լիբանանեան ոսկի: Հասոյթը պիտի տրամադրուի ակումբներուն, ինչպէս նաեւ ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումներէն աղջկանց Ա. դասակարգի ակումբները պիտի ստանան իրենց բաժին գումարը:

Յայտարարուեցաւ, որ յատուկ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբերին` վերջին մանրամասնութիւնները քննարկելու համար Ա. դասակարգի  նոր տարեշրջանին սկզբնաւորութեան առնչութեամբ:

Իսկ այլ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 28 դեկտեմբերին, աղջկանց Ա. դասակարգի եւ տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւններուն գծով որոշումներ տալու համար:

Ֆետերասիոնը յայտարարեց նաեւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ Ռիատի եւ Սաժես ակումբները կը հրաւիրուին մասնակցելու Տուպայի տղոց միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-20 փետրուար 2016-ին:

Նշենք, որ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը ուզեց ստանձնել կիսաւարտականի 7 մրցումներէն 4-ին ուղղակի պատկերասփռումը, որուն իր հաւանութիւնը տուաւ ֆետերասիոնը:

Յայտարարուեցաւ, որ 21-25 մարտին Յորդանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը (մէկ օտարով), որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռիատի:

Վերջապէս յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տղոց գերբաժակի մրցաշարքին Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս մրցումը:

 

 

Նախորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թատամոն Սուր – ՀՄԸՄ Մրցումը` Կիրակի Օր

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.