
Անգլիական Լայսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ախոյեան հանդիսանալու պարագային պիտի ստանայ 2,3 միլիոն եւրոյի պարգեւատրում մը:
Երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին պայմաններով, իտալացի Ռանիերիի գլխաւոր նպատակն է խումբը պահել բարձրագոյն դասակարգին մէջ, որուն համար ալ ան պիտի ստանայ 100 հազար փաունտ:
18 դիրքէն աւելի վեր գրաւած իւրաքանչիւր դիրքի համար ան պիտի ստանայ 100 հազարական փաունտ:
Այսպիսով, առաջին դիրքը գրաւելու պարագային, ընդհանուր գումարը պիտի կազմէ, 2,3 միլիոն եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի ֆութպոլիստներուն, եթէ խումբը մնայ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 400 հազարական եւրօ:


