Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իսլամական Դաշինքին Գծով. Ահաբեկչութեան Եւ Դիմադրութեան Ըմբռնումներուն Շուրջ Տարակարծութիւնը Կը Շարունակուի

December 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեժիպ Միքաթի
Նեժիպ Միքաթի

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ ծնունդ առած նորահաստատ զինակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իսլամական դաշինքը երէկ շարունակեց առանցքը կազմել թեր ու դէմ կեցուածքներու: Այս ծիրին մէջ կարգ մը կողմեր նախանձախնդիր գտնուեցան դիմադրութեան ըմբռնումին եւ անոր լիբանանեան տարբերակին պահպանման գծով` նորակազմ այս դաշինքին մէջ նկատելով լիբանանեան դիմադրութիւնը իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասելու եւ զայն հարուածելու կամ թիրախ դարձնելու միտող տրամադրութիւններ: Մինչ այլ կողմեր շեշտեցին նման դաշինքի մը անհրաժեշտութիւնը, որ կոչուած է պայքարելու օրինական ուժերէն դուրս որեւէ զինեալ խմբաւորումի դէմ: Այս իմաստով վարչապետ Թամմամ Սալամի տեղեկատուական գրասենեակը լուսաբանական հաղորդագրութեամբ բացատրած էր Սալամի անմիջական դրական մօտեցումը նման դաշինքի անդամակցութեան գծով: Աւելի՛ն, երէկ  տուած իր մէկ հարցազրոյցով վարչապետ Սալամ շեշտած էր, որ ոչ ոք կրնայ կաշկանդել զինք իր կարծիքներու դրսեւորման գծով:

Այլ կողմեր եւս դրական կեցուածքով կողմնակից գտնուեցան ընդառաջելու սէուտական այս քայլին: Այս իմաստով երեսփոխան Ահմատ Ֆաթֆաթ յիշեցուց, որ «ոմանք մոռցած են, որ Լիբանան անդամ է Իսլամական համագումարին»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան նախանցեալ օր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութենէն ետք, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս անհրաժեշտ նկատեց օրինական հաստատութեանց հետ խորհրդակցութիւնը, նախքան նման կեցուածքի մը բացայայտումը` ընդգծելով, որ նշեալ դաշինքին անդամ պետութիւնները իրազեկ են ու կ՛ըմբռնեն Լիբանանի իւրայատկութիւնը այս հարցին գծով:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը եւս հաղորդագրութեամբ մը պահանջած էր նման որոշումներու գծով լիազօր պատկան կողմերու` նախագահին եւ անոր բացակայութեան նախարարաց խորհուրդին եւ խորհրդարանին դրսեւորելիք կեցուածքներուն յարգումը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Կ՛ուզէ Քաթարի Մէջ Ռազմակայան Հիմնել

Յաջորդը

Լիբանան Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու Սուրիոյ Յատկացուած Համագումարին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.