Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական «Համաձայնութիւնը» Կը Խոչընդոտուի, Իսկ Հըզպալլա Կը Կասեցնէ ՏԱՀԵՇ-ի Ներթափանցման Փորձ Մը

December 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hezbollah_121315

Հանրապետութեան նախագահութեան թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ մը ճշդող «համաձայնութեան» խոչընդոտումին զուգահեռ, անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցան շարք մը ապահովական իրադարձութիւններ, որոնցմէ վերջինն էր երէկ շուրջ կէս գիշերին Հըզպալլայի կողմէ Քաայի մէջ կասեցուած ՏԱՀԵՇ-ի ներթափանցման փորձ մը:

Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներթափանցումը կասեցնելու քայլը ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր:

Ըստ հաղորդուած լուրերուն, հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն մէկ մասը Քաայի բարձունքներէն փախուստ տուած էր Արսալ:

Արսալի մէջ արձանագրուեցան սպանութեան երկու պարագաներ: Շաբաթ երեկոյեան Ահմետ Ամունի (ծանօթ` Ապու Ապտել Սալամ ծածկանունով) իշխանութեան տակ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Քալամունի բարձունքներուն վրայ սպաննեցին լիբանանցի քաղաքացի Մուխայպեր Իզէտտինը եւ անոր դիակը նետեցին Արսալի մէջ:

Կիրակի առաւօտեան Արսալի մէջ գտնուեցաւ նաեւ երկրորդ դիակ մը, որ կը պատկանէր Հուժէյրի ընտանիքէն երիտասարդի մը, որ դարձեալ սպաննուած էր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ եւ նետուած Արսալի Ժուպան շրջանին մէջ:

Մութ պայմաններու մէջ կատարուած այս սպանութիւններուն առընթեր, լիբանանեան բանակը շարունակեց Արսալի բարձունքները ռմբակոծել` թիրախ դարձնելով հաւատադրժողական զինեալները:

Հըզպալլայի մարտիկները իրենց կարգին ռմբակոծեցին Ուատի Խէյլը, ուր անոնք զգետնեցին Ժապհաթ Նուսրայի երեք անդամներ:

Նշենք նաեւ, որ ահաբեկչական ցանցերն ու բջիջները հետապնդելու աշխատանքին շրջագիծին մէջ, բանակը Մաշթա Հասանի մէջ ձերբակալեց Ահմետ Ատնան Համատը, որ անդամ է ահաբեկիչ Մոհամետ Սաթեմի խմբաւորումին:

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր կարգին ձերբակալեց Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական գործողութիւնը կատարող խմբաւորումին միտքը յղացող Պիլալ Պաքքարը:

Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

Միւս կողմէ, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ իրենց զաւակներուն առեւանգումէն 500 օրեր անցած են:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին լիբանանեան պետութեան, Քաթարի եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող բանակայիններուն ազատ արձակումին` պահանջելով, որ անոնք միջամտեն եւ ճիգ չխնայեն նաեւ ազատ արձակելու իրենց զաւակները` վերջ տալով իրենց տառապանքին:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծը` Ընդունուած

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթի Յաղթարշաւը Ընդհատուեցաւ

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.