Սուրիոյ տագնապի սրման տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի ընդլայնման մասին բազմիցս հնչեցին նախազգուշական արտայայտութիւններ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչակարգին լռելեայն գործակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Նոյնիսկ թրքական լրատուամիջոցներ փաստերով ներկայացուցին Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի սուրիական քարիւղի ապօրինի վաճառքին մասին, ապա նաեւ թրքական իշխանութիւններուն նշեալ արմատական ծայրայեղականներուն զէնք հայթայթելու, անոնց վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժելու մասին հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին:
Իրադարձութիւններուն հետեւողը պիտի պարզէ, թէ ահաբեկչութեան դէմ կոչերով հանդէս եկող Թուրքիան իրականութեան մէջ ահաբեկչութեան ծնունդին սատարող ու զայն ֆինանսաւորող գլխաւոր երկիրներէն մէկն է: Անոր համար ՏԱՀԵՇ-ը սուրիական թոհուբոհին մէջ երկրի քանդումին, սուրիական վարչակարգի տապալման, ինչպէս նաեւ քրտական գործօնին դէմ օգտագործելի խաղաքարտ մըն է:
Սուրիական կողմեր բազմիցս կը շեշտէին, որ Թուրքիա դերակատար է ՏԱՀԵՇ-ի եւ ընդհանրապէս ահաբեկչական շարժումներու ընդլայնման մէջ ու փաստերով կը պարզէին, որ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական շարժումը տեղայնական բնոյթէն դուրս պիտի գայ ու հասնի արեւմտեան երկիրներ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ին ուղղուած իր բազմաթիւ նամակներով կոչ կ՛ուղղէր «ցամքեցնելու» նման շարժումներու ֆինանսաւորման աղբիւրներն ու պատժելու անոնց հոսքը դիւրացնող երկիրները: Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները, սակայն, անտարբեր կը ձեւանային Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութեան նկատմամբ:
Վրայ հասաւ գաղթականներու հարցը, եւ Թուրքիան կատարելապէս օգտագործեց մարդկային այս ցաւոտ երեւոյթը եւս` դիւրացնելով գաղթականներուն հոսքը դէպի արեւմտեան երկիրներ` անոնց հետ արտահանելով նաեւ ահաբեկիչներ:
Գաղթի ճամբուն խեղդամահ մանուկներուն պատկերները շահարկուեցան ու աղէտալի երեւոյթները Թուրքիոյ քաղաքական թէ տնտեսական հաշուարկներուն ծառայեցին:
Այսօր Թուրքիան մեծ գումարներ կը պահանջէ եւրոպական երկիրներէ` իբր թէ սուրիացի գաղթականներուն աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու համար, մինչ այլ երկիրներ գաղթականներ կ՛ընդունին առանց խաղաքարտի վերածելու գաղթի երեւոյթը:
Թուրքիան անպատիժ ձգելու այս անտարբերութիւնը գլխաւոր պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ ահաբեկչական ալիքի ընդլայնման:
Այստեղ տեղին է նշել Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի երկօրեայ վեհաժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր կը շեշտուէր ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման «ցամքեցման» կարեւորութիւնը: Վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակօրէն նշեց, որ` «Ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն 40 երկիրներ, որոնց շարքին` Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մասնակից երկիրներ»:
Մատնանշումը յստակ էր: Կը մնայ լուսարձակի տակ պահել ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարող, բայց խորքին մէջ զայն սնուցանող երկրին քողարկուած քաղաքականութիւնը: Ա՛յն երկրին, որ Եւրոպա մուտք գործելու իր նկրտումներուն ճամբայ կը հարթէ անոր ապահովութեան խախտման նպաստելով, ապա` ցաւակցողի դերը խաղալով:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները առաւել եւս կը շեշտեն միջազգային ընտանիքին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ահաբեկչութեան նիւթապէս սատարող պետութիւնները պատժելու հասարակաց մօտեցումի մը որդեգրման կարեւորութիւնը:
Տարածաշրջանին մէջ յատկապէս Թուրքիոյ կործանարար դերին վերջ տալու այլ ելք չկայ: Անպատիժ մնալով` Թուրքիա պիտի շարունակէ սնուցանել հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:
Զ. Պ.


