Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Տունդարձի Համաձայնութիւնը Մետասաներորդ Պահուն Խափանուեցաւ. Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին

November 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

arevankyal_harazad_112915

Ուրբաթ գիշեր առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին, եւ դրական մթնոլորտ տիրեց ամէնուր, յատկապէս Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ, ուր բանակայիններուն հարազատները բոլորէն աւելի սպասեցին զիրենք` անոնց վերադարձը տօնելու նպատակով:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն Արսալ-Լապուէ շրջաններուն մէջ որդեգրուեցան ապահովական արտակարգ միջոցառումներ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ քաթարցի միջնորդը ուղղուեցան Արսալ, ուր շարունակուեցան անոնց ջանքերը:

Սակայն դրական այս մթնոլորտը ի դերեւ ելաւ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, երբ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այլ լուրեր` Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ յաւելեալ պահանջներու ցանկին մասին:

Իպրահիմ, որ Արսալէն վերադարձաւ Պէյրութ, շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու առումով Ժապհաթ Նուսրայի հետ կատարուած բանակցութիւնները չեն ձախողած, այլ ընթացքի մէջ են:

«Կարելի չէ այս իմաստով ձախողութիւն կամ որեւէ այլ բան յայտարարել: Միայն կրնանք հաստատել, որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են», աւելցուց Իպրահիմ:

Այս առումով վարչապետ Թամմամ Սալամ ջնջեց Ֆրանսա կատարելիք վաղուան իր այցելութիւնը, որպէսզի շարունակէ հետեւիլ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման ջանքերուն:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք կլիմայի յատուկ վեհաժողովին:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին մասին` անճիշդ են, յատկապէս փոխանակումներ կատարելու իմաստով:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին մարդկային եւ ազգային այդ հարցին նկատմամբ արհեստավարժութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ վարուելու, որպէսզի այդ գործողութիւնը կարելի ըլլայ յաջողցնել եւ անոր ուրախ աւարտ մը սահմանել:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յոյս յայտնեց, որ բոլոր լրատուամիջոցները խուսափին առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին մասին արագ եւ անստոյգ լրատուութիւն հաղորդելէ` նկատի ունենալով այդ թղթածրարին գերզգայուն ըլլալու ճշմարտութիւնը:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումի հոլովոյթին կը հետեւի բանակի հրամանատարութիւնը, որուն համար այդ թղթածրարին լուծումը առաջնահերթութիւն կը նկատուի:

Նախորդը

Ֆրենժիէ – Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Սպանիոյ Ալսիրա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.