Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբին Հանդիսաւոր Համերգը

November 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

shnorhali_112815

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Երաժշտասէր հանդիսականներու հոծ բազմութիւնը հաճոյքով  կը հետեւէր Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի ղեկավարած «Շնորհալի» քառաձայն երգչախումբին, որուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Մարիա Փալազեան: Ներկայացուած յատագիրը  կը բովանդակէր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած  երգեր եւ ասմունքներ:

Տէրունական աղօթքով բացուած համերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը շարունակուեցաւ Մակար Եկմալեանի «Ճախարակ», «Հեռու եմ քեզմէ» եւ «Մեռնի Սաբըբի որդին» խմբերգներով, որոնց յաջորդեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական» ասմունքը` Նաթալի Քէլխաչերեանի մեկնաբանութեամբ եւ վարպետ տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեանի ուղեկցութեամբ:

Երգացանկը հերթաբար ընդգրկեց նաեւ երգերը «Գթա՛, Տէ՜ր»-ը եւ Ա. Այվազեանի «Երեւան» երգերը (Շողիկ Թորոսեան), «Ատանայի ողբը» (Զեփիւռ ճամպուլեան), «Գովք Եդեսիոյ» (Յովիկ Թաֆարեանի), Դաւիթ Բեկի օփերայէն առաջին պատկերը (Կարօ Քէլէշեան), «Հայաստան» (Քրիսթին Աստուրեան) «Գոհութիւն» (Մարիա Եսայեան, Ճորճ Շահինեան եւ Գէորգ Գատէհճեան): Ապա «Այգուն այգուն», «Ով որ քաջ է», «Խուժան ասկեար»  եւ ժողովրդական «Մենք պէտք է կռուենք» երգերուն հրամցուելէն ետք, Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը ասմունքեց Գէորգ Գատէհճեան իր տպաւորիչ ոճով, որուն նաեւ ընկերակցեցաւ տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեան:

Ներկայացուած յաջորդ կտորները եղան Կոմիտաս վարդապետի «Հիմի է՞լ լռենք», «Տէ՜ր, կեցո դու զմայս» (Անայիս Կէտիկեանի կատարողութեամբ), «Հայրապետական օրհներգ» եւ «Օ՜ն թինդ խինդ» ստեղծագործութիւնները, ապա նոյն ապրումով անոնք ներկայացուցին մաղթերգ մը` «Ձօն Արամ Ա. կաթողիկոսին» խորագիրով (խօսք` Շահանդուխտի, երաժշտ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, դաշնաւորում` Վահրամ Էմմիեանի), որմէ ետք վեհափառ հայրապետը բեմ բարձրացաւ իր պատգամը փոխանցելու: Ան նախ եւ առաջ շեշտեց, որ ասիկա խումբի ղեկավար հայր սուրբին առաջին ելոյթն է, սակայն ան սքանչելիօրէն տիրապետած է խմբավարութեան  արուեստին:

Վեհափառ հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց «Շնորհալի» երգչախումբին 45 անդամներուն եւ խմբավար հայր սուրբին նուիրուածութիւնը, բծախնդրութիւնը եւ հետեւողական ու յանձնառու աշխատանքը: Արամ Ա. կաթողիկոս  անդրադառնալով «Շնորհալի» անունին ըսաւ. «Աստուծոյ շնորհքը կայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Մենք պէտք է ծաղկեցնենք այդ շնորհքը մտքի ու հոգիի ծառայութեան ճամբով, եւ դառնանք շնորհալի, շնորհաբաշխ ու շնորհատու»:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի քաջալերական խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգին երգեցողութեամբ:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարան Վերադարձի Պահանջը Նախաքայլ Մըն Է Մեր Բոլոր Ազգապատկան Կալուածներու Վերադարձի Իրաւական Գործընթացին»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.