
Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը երկրին ապահովական կառոյցներէն խնդրած է Ռապիէի մէջ գտնուող դեսպանատան շէնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող իր առեւտրական եւ մշակութային կեդրոններուն շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրել` նկատի ունենալով, որ ռուսական պատերազմական օդանաւի ջախջախումի դէպքէն ետք թրքական դեսպանատունը կը նկատուի սպառնալիքի տակ գտնուող կառոյցներէն:
Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախապէս իրենք նման խնդրանքներ ստացած են նաեւ ռուսական եւ եգիպտական դեսպանատուներէն` նկատի ունենալով Սուրիոյ իրենց զօրակցութիւնը եւ անոր իբրեւ արդիւնք սպառնալիքի ենթակայ ըլլալու ճշմարտութիւնը:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ իրենք նման խնդրանքներու ու մտավախութիւններու հետ լրջութեամբ կը վերաբերին եւ առանց զանոնք անտեսելու կը դիմեն համապատասխան քայլերու:


