Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆՍԽԱԼԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

August 29, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ շատեր կը կարծէին, որ Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան «դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» սկզբունքը դէպի յաջողութիւն կ՛ուղղուի, անոնց կողմէ գովաբանուած այդ քաղաքականութիւնը այժմ ոչ միայն դադրած է յառաջդիմութիւն արձանագրելէ, այլ ընդհակառակն` կացութիւնը հակառակ ուղղութեամբ ընթացած է` Սուրիոյ եւ Իրաքի, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի ռազմավարական դաշնակից Իրանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն ստեղծուած է:

«Զերօ խնդիրներու» փոխարէն Թուրքիա այժմ բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, իսկ Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ հարցերը կը յամենան: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ քրտական ազդակը, որ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ աշխուժացած կամ աշխուժացուած է` նկատառելի գլխացաւանք ու մտահոգութիւն պատճառելով թրքական իշխանութիւններուն:

Ի տես տիրող կացութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ակադեմականի մը կոչումին անվայել ինքնարդարացման մանկունակ փորձով մը յայտարարեց, որ «որոշ դրացիներու հետ լարուածութեան պատճառը այդ երկիրներուն քաղաքականութիւնն է»: Նախ եւ առաջ պէտք է նշել, որ Թուրքիա իր դրացի երկիրներուն մեծամասնութեան հետ իր յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն կը դիմագրաւէ, ուստի «որոշ դրացիներ» մեղմասացութիւնը ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրէ, իսկ «յանցաւորը այդ երկիրներն են եւ ոչ թէ Թուրքիան» մտայնութիւնը առարկայական եւ առողջ մօտեցում մը չէ:

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց վատ վիճակը Թուրքիոյ վարած սխալ քաղաքականութեան պտուղն է եւ Հայաստանը յանցաւոր նկատելու որեւէ փորձ պարզապէս զաւեշտական է: Ի վերջոյ Հայաստանը չէ, որ Թուրքիան շրջափակած է, ընդհակառակն Թուրքիան է, որ 3-րդ երկրի մը հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները պատրուակելով` 1993-ին շրջափակեց եւ կը շարունակէ շրջափակուած պահել իր դրացին:

Թուրքիոյ անսխալականութեան վրայ հիմնուած թրքական մտայնութիւնը, որ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ, Թուրքիոյ համար կը խոստանայ միայն պատահական եւ ժամանակաւոր յաջողութիւններ, որոնք դատապարտուած են ձախողութեան: Ուստի զարմանալի չէ, որ Թուրքիա իր դրացիներուն հետ «զերօ խնդիրներուն» փոխարէն լարուած յարաբերութիւններու դառն բաժակը կ՛ըմպէ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԱՏԵԱՆԻ 7-ՐԴ ՆԻՍՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԴԻՄԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.