Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր մրցումը կը կատարէ այսօր` շաբաթ, 21 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, կը մրցի Ամալ Պիքֆայի դէմ:
Իսկ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն ալ կ՛ակնկալուի շաբաթավերջը աւարտել յաղթանակներով:


