Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. Լաւրով – Պասիլ Հանդիպում

November 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov_basil_111815

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք կատարուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ, ըստ Վիեննայի համաձայնութեան, Սուրիա պէտք է ըլլայ միացեալ եւ լայիք պետութիւն մը, իսկ սուրիացի ժողովուրդը պէտք է ունենայ ազգային ինքնորոշման իրաւունք:

Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանցիները Սուրիոյ ներքին հարցերուն չեն միջամտեր, սակայն Լիբանանի մէջ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները յստակ են եւ շօշափելի:

Պասիլ լուսարձակի տակ առաւ գաղթականներուն հարցը` ընդգծելով այդ հարցին լուծման կարեւորութիւնը: Ան աւելցուց, որ այսօրուան դրութեամբ ահաբեկչութիւնը որեւէ շրջան կրնայ թիրախ դարձնել` շեշտելով, որ Միջազգային ընկերութիւնը պէտք է միացեալ ճակատով դիմադրէ ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ին:

Պասիլ վերահաստատեց, որ բազմազանութիւնը լիբանանեան ընկերութեան խորհրդանիշն է` զգուշացնելով, որ տկար Լիբանանը կրնայ ահաբեկչութեան դիմաց ընկրկիլ, սակայն զօրաւոր Լիբանանը կը տկարացնէ ահաբեկիչները:

Պասիլ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով լիբանանեան միջոցառումները ընթացքի մէջ են եւ առկայ:

«Մենք բնաւ կարիք չունինք Լիբանանի կացութիւնը աւելի եւս ելեկտրականացնելու` գաղթականներուն եւ գաղթակայաններուն թիւը աւելցնելով: Հաւանական է, որ Լիբանան Ռուսիոյ օժանդակութիւնը խնդրէ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով, սակայն այդ որոշումը պէտք է ըլլայ Լիբանանի գերիշխանութեան որոշումը, որուն համաձայն պէտք է ըլլան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Լաւրով շեշտեց, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ արգիլելու համար ահաբեկչութեան Լիբանան ներթափանցումը:

Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Անդրադառնալով նախագահական թափուր աթոռին` Լաւրով յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը երկրին սահմանադրութեան հիման վրայ կարենայ լուծել այդ հարցը եւ նախագահական ընտրութիւն կատարէ:

Միւս կողմէ, Լաւրով շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ եւ միջպետական դաշինք մը կազմէ` պայքարելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` նկատի ունենալով, որ անիկա կը սպառնայ համաշխարհային ապահովութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցին միջոցով հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը ճշդէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Ժոմպլաթ իր խօսքը ուղղելով Պասիլի, անկէ խնդրեց հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ Մոսկուա կը գտնուիս, կը խնդրեմ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաստատես, որ Մուխթարան ապահով ձեռքերու մէջ է, որպէսզի ան Սուխոյ տիպի օդանաւեր չուղարկէ կամ Կասպից ծովէն հրթիռարձակում չկատարէ` Մուխթարան ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոն մը սեպելով»:

Նախորդը

Պըրրի Կ՛ընդգծէ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Ճակատ Կազմելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Կառուցուած Թաքսիմ Հրապարակին Մէջ Դարձեալ Մարդկային Ոսկորներ Յայտնաբերուած Են

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.