Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՁԵՒԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ «ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԸ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

August 29, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սառա Հըրմըզ

17-23 տարեկան երիտասարդուհիներ հագուստի ձեւագիտութեան եւ պատրաստութեան ամէն տեսակի հմտութիւններով օժտելու առաջադրանքով շուրջ 2,5 ամիսէ ի վեր կը գործադրուի «Ստեղծագործութեան վայրը» ծրագիրը` լիբանանահայ Սառա Հըրմըզի նախաձեռնութեամբ եւ «Ճինիշեան» համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի գրասենեակին հետ համագործակցաբար: Այս աշխատանքին նպատակն է առիթ տալ օրիորդներուն, որ հագուստ մը ձեւագծելու եւ զայն իրականացնելու կարողութիւնը ձեռք ձգեն ու կարենան այսպիսով աշխատանքի աւելի լայն հորիզոններ ունենալ: Այս ծրագիրին նպատակը ստեղծագործողներ պատրաստելն է եւ ոչ` լոկ քանի մը հագուստ:

Սառա Հըրմըզ իր այս գաղափարը ներկայացուց «Ճինիշեան» համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի գրասենեակ, որպէսզի համապատասխան թեկնածուներ տրամադրուին իրեն եւ կարելի ըլլայ անոնցմէ ընտրել ամէնէն ատակները: «Ճինիշեան» իր կարգին կապ հաստատեց նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Սին Էլ Ֆիլի բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ, որոնց հետ գործակցելով կարելի եղաւ 10 թեկնածուներ ունենալ, եւ հարցազրոյցներու միջոցով երկուքը ընտրուեցան: Ըստ ծրագիրի հեղինակ եւ իրագործող Սառա Հըրմըզի, ընտրութեան իմաստով հիմնական էր ձիրք ունենալը, որպէսզի այս կարճ ժամանակամիջոցին մէջ կարելի ըլլայ այդ ձիրքը մշակել, զարգացնել եւ ձեւագէտներ պատրաստել: Կարեւոր էր նաեւ սէրը` կարելու, ստեղծագործելու, ձեւաւորելու: «Ճինիշեան»ի կողմէ մասնակցողներն էին` Գարմեն Հաւաթեանն ու Սոֆի Եուսուֆը:

Սառա Հըրմըզ այս մասին խօսելով` յայտնեց, որ ստեղծագործական իր մղումները միացնելով մարդասիրական, ընկերային նպատակներու եւ առաջադրանքներու` նման ծրագիր մը իրականացնելու գաղափար յղացած է, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ համալսարան երթալու անկարող անձերը հագուստի ձեւագծման իրենց տաղանդը բացայայտելու եւ զարգացնելու առիթներ չունին:

Սառային ուսուցիչը` Քարոլայն Շլալա-Սիմոնելլի, Նիւ Եորքէն եկած եւ օժանդակած է այս ծրագիրի իրականացման: Ս. Հըրմըզի համաձայն, շաբաթը 5 օր շատ տաղանդաւոր եւ ձգտում ունեցող ընտրուած երիտասարդուհիները հետեւած են դասընթացքներու, որոնց վրայ անոնք աւելցուցած են իրենց ստեղծագործական տաղանդը, որպէսզի կարելի ըլլայ հագուստներ պատրաստել եւ ցուցահանդէս մը ունենալ: Ան հաստատեց, որ ցուցադրուած բոլոր հագուստները մասնակիցներուն կողմէ ձեւագծուած եւ կարուած էին` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսէն գոյացած գումարին մէկ մասը բաժնուեցաւ մասնակիցներուն, իսկ միւս մասը տրամադրուեցաւ ծրագիրին: Ուրեմն այս ծրագիրով մէկ կողմէ տաղանդները կարելի կ՛ըլլայ զարգացնել, անվճար դասընթացքներ տալ, ինչպէս նաեւ` գործի առիթներ ստեղծել:

Սառա Հըրմըզ դիտել տուաւ, որ ծրագիրին սկսիլը ինքնին յաջողութիւն էր, որովհետեւ տարբեր միջավայրերէ երիտասարդուհիներ քով քովի եկան ծրագիրի մը շուրջ աշխատելու, անոնց միջեւ առկայ բոլոր պատուարները խորտակուեցան, ընկերներ ու գործընկերներ դարձան, առողջ եւ ստեղծագործական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ գեղեցիկ հագուստներ արտադրուին: Այս բոլորը մեծ գոհունակութիւն տուած են անոր եւ` քաջալերած, որ այս ծրագիրը շարունակէ:

«Ճինիշեան» համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի գրասենեակի պատասխանատուներէն Թալին Լատոյեան «Ճինիշեան»ի հետ համագործակցութեան անդրադառնալով` դիտել տուաւ, որ իրենք միշտ նման ծրագիրներու եւ տաղանդներու բացայայտման միտող նախաձեռնութիւններ քաջալերած են, ինչպէս նախապէս իրականացուցին մոմի եւ ծաղիկներու պատրաստութեան դասընթացքները: Անոր համաձայն, նման աշխատանքներ «Ճինիշեան»ի նպատակներուն եւ առաքելութեան կը համընկնին, մանաւանդ որ անոնք մարդոց կարողականութեան զարգացման կը նպաստեն եւ առիթ կու տան անոնց, որպէսզի իրենք զիրենք փաստելու, իրենց ներաշխարհը դրսեւորելու կարելիութիւն ունենան, նաեւ իրենց ապրուստը ապահովելու համար աշխատանքի առիթներ ձեռք ձգեն:

Ծրագիրի մասնակիցներէն Գարմեն Հաւաթեան յայտնեց, որ իր երազն էր ձեւագիտութիւն սորվիլ, սակայն այս մարզին մէջ համալսարան յաճախելու կարելիութիւն չէ ունեցած, իսկ Սառայի նախաձեռնութիւնը բացառիկ առիթ մըն էր, որպէսզի իր սէրը, երազն ու կարողութիւնը միախառնուին: Ան ձեւագծած է 5 հագուստ, որոնց կտաւները Նիւ Եորքէն տրամադրուած էին, ինչպէս նաեւ կային բոլոր սարքերը, որոնք կ՛օժանդակէին հագուստ մը ստեղծելու, աւելցնելով, որ հետաքրքրականն ու յատկանշականը այն է, թէ իւրաքանչիւրը պահած է իր իւրայատկութիւնը, ամէն մէկ հագուստէ միայն մէկ օրինակ կար: Ըստ անոր, դասընթացքին սկիզբը աշակերտներն ու ուսուցիչը շուկայ գացած ու դիտած են, թէ ի՛նչ է վերջին նորութիւնը, բայց եւ այնպէս իրենք իրենց ներդրումով եւ ճաշակով ստեղծած են իրենց հագուստները:

Ցուցահանդէսին բացումին ներկայ եղած են աւելի քան 200 անձեր, որոնք մեծապէս գնահատած են այս նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ որ անիկա տարբեր մօտեցումով ընթացք առած է: Արձագանգները ընդհանրապէս դրական եղած են:

Սառա Հըրմըզ եւ Թալին Լատոյեան հաստատեցին, որ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, ներկայիս հինգ հոգինոց խումբին հետ աշխատանքը պիտի ամբողջանայ, որպէսզի վաճառուած հագուստները գնողներուն յարմարեցուին, ապա նոր հանգրուաններու մասին պիտի մտածուի:

Նախորդը

«ՄԵՆՔ ՄԻՇՏ ԷԼ ՀԱՅ ԿԸ ՄՆԱՆՔ»

Յաջորդը

ՀԱՅԵՐԸ ԱԲԽԱԶԻԱՅՈՒՄ. ՄԱՍԱՄԲ ՃԱՆԱՉՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ` ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՆՔՎԱՊ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.