
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան նախորդ շաբաթավերջին թէեւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ Ցիւրիխի գլխաւոր խումբին կատարած մրցումին, բայց ան դաշտ ներկայացաւ նոյն ակումբին երիտասարդական կազմին հետ:
Սիմոնեան, որ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, 84-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Անոր կազմը Էթուալ Քարուժի դէմ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
ArmSport.am իր տուած այս լուրը կը շարունակէ նշելով, որ Ցիւրիխի երիտասարդական խումբը կը գլխաւորէ Հայաստանի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արթուր Պետրոսեան, որուն կազմը 15-րդ հանգրուանէն ետք կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:


