Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Գործարարութեան Աւելի Լաւ Միջավայր

November 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Վերջերս հրապարակուած միջազգային երեք ուսումնասիրութիւններու մէջ ուշագրաւ եւ դրական անդրադարձ կար Հայաստանի մասին: Այսպէս` Դեռահասներու (teenager) մասին համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան (WHO) կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրակացնէր, որ Հայաստանի դեռահասները ամէնէն երջանիկն են աշխարհի մէջ (քանատացիները կը գրաւէին վերջին դիրքը): Gallup Law and Order Index 2015-ի համաձայն, աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկը Հայաստանն է, ուր մարդիկ գիշերները առանձին քալելու վախ չունին: Վերջապէս, ըստ Համաշխարհային դրամատան Doing Business 2016-ի  հետազօտութեան, 189 երկիրներու մէջ, գործարարութեան դիւրութեան առումով, Հայաստան կը գրաւէ 35-րդ դիրքը, իսկ նոր գործ սկսելու առումով` 5-րդ պատուաբեր դիրքը:

Այն, որ Հայաստան աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկն է, զարմանք չի պատճառեր: Իսկապէս քիչ են գողութիւններն ու ոճրագործութիւնները` հակառակ մօտ 40 տոկոս աղքատութեան: Հայաստան այցելողները յաճախ կը զարմանան, երբ կը տետնեն, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը անհոգ եւ ազատ կը պտտին փողոցներուն մէջ: Իսկ այն, որ Հայաստանի պատանի¬պարմանուհիները աշխարհի ամէնէն երջանիկ դեռահասներն են, դարձեալ նորութիւն չէ: Երկար¬բարակ հետազօտութիւններու կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ հայ հասարակութիւնը որքա՜ն կ՛արժեւորէ երեխայի բարօրութիւնը եւ շատ յաճախ` ի գին մեծ զոհողութիւններու: Աշխարհի մէջ հաւանաբար չկայ երկիր մը, ուր Երեխաներու համաշխարհային օրը (յունիս ամսուան ընթացքին) նշուի այնքան մեծ շուքով ու հանդիսաւորութեամբ, ինչպէս որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ:

Զարմանալին, շատերու համար, գործարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի ստացած բարձր վարկանիշն է: Ըստ ուսումնասիրութեան, Հայաստանի մէջ գործարարութեան միջավայրը բարելաւուած է օրէնքներու բարեփոխումներուն պատճառով: Վերջին տարուան ընթացքին բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք դիւրացուած են շինարարական արտօնագրերու, սահմաններու վրայ առեւտուրի եւ պայմանագրերու իրագործման հետ կապուած թղթաբանութիւնն ու ընթացակարգերը: 189 երկիրներու միայն 14 տոկոսը երեք եւ աւելի օրէնսդրական¬վարչական նմանօրինակ բարեփոխումներ կատարած են:

Համաշխարհային դրամատան «Doing Business 2016» զեկոյցը, սակայն, չ՛անդրադառնար գործարարութեան հետ կապուած այլ խնդիրներու, մասնաւորաբար` օրէնքի գործադրութեան հետ կապուած խնդիրներու, գործարարութիւն-քաղաքականութիւն սերտ կապին, կաշառքին, առեւտուրի մէջ գոյութիւն ունեցող մենաշնորհներուն, հովանաւորչութեան եւ այլն: Այս երեւոյթներն են (եւ ոչ թէ թուղթի վրայ գրուած օրէնքները), որ կը դժուարացնեն գործարարութիւնը Հայաստանի մէջ: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ տասնամեակ մը առաջ գործարարութեան միջավայրը շատ աւելի վատն էր, քան այսօր: Դրական տեղաշարժի մասին կրնան վկայել Հայաստանի մէջ մեծ կամ փոքր պիզնեսով զբաղող հայ եւ օտար բազմաթիւ գործարարներ: Գործարարութեան միջավայրը բարելաւելու համար երկար եւ բարդ ճանապարհ անցած է Հայաստանը: Օրէնքներու վերամշակումէն եւ դիւրացուած թղթաբանութենէն անդին` խորքային բարեփոխումները կը մնան առաջնահերթ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Վկայութեան Հզօրացումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ինչ Որ Ցանես, Այն Կը Հնձես

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.