
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լրատուամիջոցներուն կողմէ կը հալածուի եւ թիրախ կը դառնայ, որովհետեւ փտած չէ:
Պասիլ ըսաւ, որ տեղեկատուական մարզը սերտուած կերպով թիրախ դարձուցած է Ազգային ազատ հոսանքը, ինչպէս նաեւ զինք անձնապէս: «Քաղաքական անձնաւորութիւնները այսօր լրատուամիջոցներուն կողմէ հարուածներու թիրախ կը դառնան, եթէ իրենց ծնողներէն հարստութիւն ժառանգած են», նշեց ան:
Պասիլ աւելցուց, որ իրեն վերագրուող 38 հողաշերտի հարց մը գոյութիւն ունի եւ այդ մասին ինք կը հաստատէ, որ այդ տարածքները իրեն կտակած են հայրն ու մեծ հայրը: «Միւս կողմէ, ո՛չ անձնական օդանաւ ունիմ, ո՛չ ալ Լիբանանէն դուրս բնակարաններ, իսկ այսուհետեւ կը հաստատեմ, որ անձիս կամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հասցէին կատարուելիք որեւէ արտայայտութեան դէմ դատական հարց պիտի յարուցենք», շեշտեց Պասիլ:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծրագիրներուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն` Պասիլ ըսաւ, որ իրեն դէմ զրպարտութիւնները շատ են` աւելցնելով, որ այդ իմաստով իր մշակած ծրագիրները հարիւր առ հարիւր ճիշդ էին, սակայն ելեկտրական հոսանքը կարելի չէ եղած շուրջօրեայ դարձնել, որովհետեւ այդ ծրագիրներուն գործադրութիւնը խոչընդոտուած է:


