
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Պարսելոնա – Էյպար (3-1) մրցումի 83-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստացած միջնապահ Խաւիէ Մասքերանօ հաւանական է, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 4 մրցումով կախակայուի: Ասիկա պիտի ըլլայ եթէ փաստուի, որ ան հայհոյած եւ նախատական խօսքեր ուղղած է օրուան կեդրոնի իրաւարարին:
Եթէ ան 4 մրցումով կախակայուի, ուրեմն պիտի բացակայի Վիլանովենսէի (բաժակի մրցաշարք), Կեթաֆէի, Վիարէալի եւ Ռէալ Մատրիտի (Լա լիկա) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:
Նշենք, որ նախորդ օգոստոսին գրեթէ նոյն պատճառով կարմիր քարտ ստացած էր եւ 4 մրցումով կախակայուած Ժերար Փիքէ:


