Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համոզուած Ենք Ներկայ Պայքարով, Որմէ Ետդարձ Պիտի Չկատարենք, Այլ` Անկէ Յաղթական Դուրս Պիտի Գանք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nasrallah_10-23-15

Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ երէկ գիշեր Հարաւային արուարձաններու Սէյիտ Շուհատա համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Աշուրայի ողբի 10-րդ գիշերը, որուն անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, որոնք Աշուրայի առիթով կազմակերպուած ողբի գիշերներուն մասնակցող քաղաքացիներուն անվտանգութեան հսկեցին:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան պետութիւնները կ՛աշխատին շրջանին մէջ յստակ նպատակ մը որդեգրելու իմաստով եւ իրենց փափաքած կերպով ռազմավարութիւններ կ՛որդեգրեն:

«Ուաշինկթըն մնայուն կերպով կը ջանայ մեր շրջանին մէջ քաղաքական, զինուորական, ապահովական, տնտեսական եւ մշակութային յստակ նպատակներ իրագործել եւ տիրութիւն պարտադրել», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ամերիկեան պետութեան կողմէ մարդկային իրաւունքներուն մասին կատարուած քարոզչութիւնը դատարկաբանութիւն է, որովհետեւ շրջանին նշանաւոր բռնատիրութիւնները ամերիկեան հովանաւորութիւն կը վայելեն: «Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոճիրներուն պատասխանատուն Միացեալ Նահանգներն են, իսկ եթէ կայ երկիր մը, որ կ՛ուզէ իր անկախութեամբ, գերիշխանութեամբ եւ բնական հարստութիւններով ապրիլ, ապա Ուաշինկթըն կը հնարէ սուտ մը եւ կը շուկայադրէ զայն, մինչեւ որ ամբողջ աշխարհին հաւատալ տայ այդ մասին եւ իր կամքը պարտադրէ բոլորին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց բարեկամները Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ին օժանդակութիւններ մատուցած են` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի չյաջողին Եմէնի մէջ պատերազմը վերածել սիւննի-շիի բախումներու:

«Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Ասատի Սուրիան, Իրանը եւ Պաղեստինը ձախողեցուցած են ամերիկեան գաղութատիրական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը», վերահաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ներկայիս պատերազմը ունի երկու ճակատներ. առաջինը կը ղեկավարուի ամերիկեան վարչակազմին կողմէ, իսկ երկրորդը` ստրկացումը մերժողներուն կողմէ:

«Երբ Իսրայէլ մեզի զետեղեց մահուան եւ անարգանքին ընտրութեան դիմաց, մենք որոշեցինք դիմադրել: Բոլորս Լիբանանի մէջ դիմադրեցինք Իսրայէլին եւ տակաւին կը դիմադրենք անոր: Ո՛վ որ իր գրաւը դրած է մեր յոգնութեան եւ նահանջելու հաւանականութեան վրայ, անոր կ՛ըսենք` Իսրայէլի եւ ամերիկեան հաւատադրժողական այս ծրագիրին պիտի յաղթենք: Համոզուած ենք ներկայ պայքարով, որմէ ետդարձ պիտի չկատարենք, այլ` անկէ յաղթական դուրս պիտի գանք», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Անձնասպանութիւնը Արգիլուած Է»

Յաջորդը

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.