Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

August 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան ներկայացուած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման օրինագիծին վերաբերող հիմնական հարցը այն է, որ երկու մտայնութիւններու եւ տրամաբանութիւններու միջեւ գոյութիւն ունի բախում մը: «Մենք կը ներկայացնենք պետութիւնը, պետական հաստատութիւնները եւ կը գուրգուրանք քաղաքացիներուն, իսկ ուրիշներ վարժուած են այն գաղափարին, որ պետութիւնը ընկերութիւն մըն է, իսկ քաղաքացիները անոր յաճախորդներն են: Այս պատճառով է, որ լիբանանեան պետութիւնը հաշիւներու չգոյութենէն կը տառապի եւ ապարդիւն դուրս կու գան անոր աշխատանքները», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան նշեց, որ այսօր երկիրը բարեկարգումի ծրագիրի մը դէմ յանդիման կը գտնուի`  աւելցնելով, որ երբ իրենք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը ստանձնեցին, այդ մարզը մահամերձ էր, իսկ ներկայիս այդ մարզը կը պատրաստուի գործադրելու «Ճի. 3»ի հաղորդակցութեան արդիական ծրագիրները:

Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը կը միտի մաֆիաներուն գործունէութեան եւ միլիսական տրամաբանութեան վերջ տալ:

Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին վաւերացնէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման վերաբերող այդ ծրագիրը:

«Մենք կ՛ուզենք կառավարութեան մէջ յաջողութիւն արձանագրել, իսկ եթէ ձախողինք, ապա կառավարութիւնը եւս պիտի ձախողի: Մենք տրամադիր ենք եւ պատրաստակամ գործելու բոլորին հետ եւ բոլորին համար», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ռումիէի բանտէն 5 արգելափակեալներու փախուստի թղթածրարին` զօր. Աուն պահանջեց լիբանանեան հանրային կարծիքը տեղեակ պահել այդ հարցով բացուած հետաքննութեան արդիւնքներէն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ եւ լարուածութիւններ կը հրահրեն: «Տեսնենք ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա պիտի հակազդէ՞ եւ որոշ քայլերու պիտի դիմէ՞ բանակին դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ», հարց տուաւ զօր. Աուն:

Անդրադառնալով Լիպիոյ իրադարձութիւններուն` զօր. Աուն մաղթեց, որ իմամ Մուսա Սատըր եւ անոր ընկերակիցները մօտիկ ապագային վերադառնան Լիբանան:

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏԻ ԵՒ ԺՐԱՅՍԱԹԻԻ ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։