Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏԻ ԵՒ ԺՐԱՅՍԱԹԻԻ ԿՈՂՄԷ

August 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դատախազ Ժրայսաթի եւ երեսփոխան Ռաատ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ` ընկերակցութեամբ օրէնսգէտ դատախազ Սելիմ Ժրայսաթիի, երէկ խորհրդարանին մէջ կայացուց մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռները քաղաքական են, իսկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ Դիմադրութեան դէմ սանձազերծուած արշաւին դէմ պայքարելու առումով վերջինս ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի:

Իր խօսքին մէջ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի կողմէ արձակուած որեւէ վճիռ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն եւ ժամանակաւոր շահեր կը փնտռեն, ինչպէս նաեւ թիրախ կը դարձնեն Դիմադրութիւնը` զայն նկատելով ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, որպէսզի աւելի ուշ կարելի ըլլայ անոր շրջափակումը եւ քանդումը:

«Նկատի ունենալով իր դէմ բանեցուող հաշիւներ մաքրելու այս քաղաքականութիւնը` Դիմադրութիւնը պիտի չընդունի շանթաժի ենթարկուիլ եւ պիտի չծառայէ իր թշնամիներու նպատակին իրագործումին, պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Ան նաեւ իր համբերութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ գիտակցութեամբ պիտի ձախողեցնէ իր դէմ բոլոր դաւադիրներուն մշակած ծրագիրները», ըսաւ Ռաատ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը ինք կ՛որոշէ, թէ ինքնապաշտպանութեան ի՛նչ միջոցներու պիտի դիմէ:

Դատախազ Ժրայսաթի իր կարգին յայտնեց, որ միջազգային դատախազ Տանիէլ Պելմար կը հաստատէ, որ ինք շօշափելի փաստեր ունի, «սակայն այդ փաստերէն ոչ մէկը կը հրապարակէ, հետեւաբար` հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վրայ հիմնուած անոր յայտարարութիւնները պակասաւոր դուրս կու գան եւ չեն ծառայեր իբրեւ լուրջ եւ իսկական փաստեր», յայտնեց Ժրայսաթի:

Նախորդը

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։